Ապու Տապիի Մէջ Ալիեւ-Փաշինեան Հանդիպում

4 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:

Կողմերը ողջունած են Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հիւրընկալութեամբ եւ վկայութեամբ տեղի ունեցած Խաղաղութեան վեհաժողովի համաձայնութիւններու իրականացման գործին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը:

Անոնք նշած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի դրական ընթացքի պահպանման եւ յառաջ մղման կարեւորութիւնը` երկկողմանի ձեւաչափով:

Կողմերը ընդունած են, որ երկու հասարակութիւններն ալ ականատես կը դառնան խաղաղութեան իրական օգուտներուն` իրենց առօրեային մէջ: Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմանի առեւտուրի մեկնարկի եւ Ազրպէյճանէն Հայաստան նաւթամթերքի շարունակական արտածման, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներէ հացահատիկի եւ այլ ապրանքներու Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան տարանցման իրականացման վերաբերեալ:

Կողմերը համաձայնած են շարունակել ուսումնասիրել երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

Անոնք նաեւ ողջունած են քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ համաձայնած վստահութեան ամրապնդման քայլերու ընդլայնման անհրաժեշտութեան հարցին շուրջ:

Փաշինեանն ու Ալիեւը քննարկած են ԹՐԻՓՓ-ի եւ այլ ենթակառոյցներու նախագիծերու իրականացումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխատանքը երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ եւ համաձայնած պահպանելու հաղորդակցութիւնները` երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին աջակցելու նպատակով:

Յայտնենք, որ երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Իլհամ Ալիեւին յանձնուեցաւ «Զայետ» մարդկային եղբայրութեան 2026 թուականի մրցանակը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ արձանագրուած յառաջդիմութեան համար:

Leave a Comment