Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Հորր Ամելի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Մաշշարայի դաշտին վրայ, Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Հորր Ամելի խումբին դէմ:

Պեքայի ակումբը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի նման 10 կէտեր ունի եւ լուրջ մրցակից կը նկատուի, եւ մեր տղաքը պէտք է անցեալ շաբթուան նման ներդաշնակ եւ լաւ կազմակերպուած ֆութպոլ ցուցաբերեն` 3 կէտերով վերադառնալու համար Պէյրութ:

Շատ կարեւոր է այս մրցումը, որուն արդիւնքը կրնայ Բ. դիրքին վրայ հաստատել յաղթական խումբը: Հորր Ամելի շատ կայուն խումբ մը չէ, եւ արդիւնքները այդ կը փաստեն: Անիկա Բ. հանգրուանին յաղթեց Իժթիմահիին, բայց շատ աւելի տկար Հարաքեթ Շապապին հետ ճերմակ հաւասարութիւն արձանագրեց: Աւելի՛ն, անիկա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ահլի Սայտայէն: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոցմէ կը սպասուի շատ լուրջի առնել մրցակիցը, ինչպէս նաեւ իրար մօտ խաղալով կարճ փոխանցումներով անոնց պաշտպանողականը ճեղքել եւ առիթներ ստեղծել: Անշուշտ առիթներէն լաւապէս պէտք է օգտուիլ եւ կարելի եղածին չափ սխալներ չգործել մանաւանդ պաշտպանողական գիծին վրայ` առիթ չտալով մրցակիցին, որ վտանգէ ՀՄԸՄ-ի բերդը:

Համակիրներէն կը սպասուի ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու համար խումբը, մանաւանդ որ մրցումը շաբաթ օրով է, եւ Մաշղարա ելլելը պտոյտի բնոյթ կրնայ ունենալ Քարաոն լիճին մօտ: Անոնք յաղթանակը տօնելով լաւ յիշատակներով կրնան վերադառնալ Պէյրութ:

Ստորեւ` 7-րդ հանգրուանի (երթի վերջին) մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Հորր Ամելի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Մաշղարայի դաշտ)
Ղատ Աֆտալ – Իժթիմահի (Մաժտել Այնճարի դաշտ)
Հարաքեթ Շապապ – Ժալիլ Քանա (Թրիփոլիի պահեստի դաշտ)

ՎԱՂԸ
Թաուֆիր – Ահլի Սայտա (Նըժմէի դաշտ)

 

 

Leave a Comment