Քոսթա. «Եւրոպական Միութիւնը Թրամփի Հիմնած Խաղաղութեան Խորհուրդին Նկատմամբ Լուրջ Կասկածներ Ունի»

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա յայտարարեց, թէ եւրոպացի ղեկավարները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստեղծած Խաղաղութեան խորհուրդի աշխատանքի ծիրին նկատմամբ լուրջ կասկածներ ունին, սակայն պատրաստակամութիւն յայտնած են Միացեալ Նահանգներու եւ Կազայի մէջ նոր խորհուրդին հետ գործակցելու:

Քոսթա Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան Եւրոպական-ամերիկեան յարաբերութիւններու քննարկման յատկացուած վեհաժողովէն ետք յայտնեց. «Լուրջ կասկածներ ունինք Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութեան տարրերու նկատմամբ, որոնք կը վերաբերին անոր աշխատանքի ծիրին, ղեկավարման եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համապատասխան ըլլալուն տարողութեան»:

«Մենք պատրաստ ենք Միացեալ Նահանգներու հետ աշխատելու Կազայի մէջ խաղաղութեան համապարփակ ծրագիրի գործադրութեան վրայ, Խաղաղութեան խորհուրդով մը, որ իր առաքելութիւնը կը կատարէ իբրեւ փոխանցման վարչութիւն», աւելցուց Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:

Սպանիան Պիտի Չմիանայ
Խաղաղութեան Խորհուրդին

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես յայտարարեց, թէ Սպանիան պիտի չմասնակցի Կազայի կացութիւնը կարգաւորելու համար ստեղծուած նոր Խաղաղութեան խորհուրդին:

Սպանիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Մատրիտի պաշտօնական դիրքորոշումը հիմնուած է բազմակողմ սկզբունքներուն, միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի կեդրոնական դերին անոր նուիրուածութեան վրայ:

Սանչես շեշտեց, որ Պաղեստինի ապագան պէտք է որոշեն ինքնին պաղեստինցիները, եւ Իսրայէլի հետ խաղաղ համակեցութեան հարցերը պէտք է լուծուին երկու պետութիւններու լուծման վրայ հիմնուած երկխօսութեան միջոցով:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յետս կոչեց Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու Քանատային իր յղած հրաւէրը:

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի այս շաբաթ խօսած էր միջազգային համակարգին մէջ «ճեղք»-ի մը գոյացման մասին, եւ անոր կառավարութիւնն ալ յայտարարեց, թէ պիտի չվճարէ Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու համար գումարը:

Leave a Comment