14 տարեկան հայաստանցի թենիսվումըն Մարիա Ազիզեան տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ «Այ. Թի. Էֆ.»-ի կազմակերպած Անթալիայի (Թուրքիա) թենիսի մրցաշարքին:
Առաջին մրցումին, Մարիա յաղթեց ռումանացի Անճելինա Փաւելի` 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով, ապա պարտութիւն կրեց ռուս Աննա Քարցեւայէն` 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով:
Երկրորդ մրցաշարքին Ազիզեան յաղթեց թուրք Էսիլա Թոքլուին` 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով, ապա դժուար մրցումի մը ընթացքին` ռուս Ուսթինիա Լեքոմցեւային` 7-6, 4-6 եւ 10-7 արդիւնքով:
Երրորդ մրցումին, Ազիզեան 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ռուս Մարիա Մասիյանսքայայէն:
Նոյն պահուն, 32 տարեկան հայ թենիսվումըն Անի Ամիրաղեան պարտութեան մատնեց սերպ եւ ուքրանացի իր մրցակիցները եւ երէկ իր թուրք մրցակից Պահար Քըլըճը` 6-0 եւ 6-4 արդիւնքով: Անիի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ սպանացի Մարիչել Թէյխիտօ Կարսիան:
Երիտասարդ եւ փորձառու թենիսվումընները կը ցուցադրեն գերազանց արդիւնքներ` ամրացնելով հայկական թենիսի դիրքերը` միջազգային դաշտերու վրայ: