Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պանի Զէյտ թաղամասերուն մէջ երէկ կանուխ առաւօտեան ժամը 3:00-էն սկսեալ զինադադար յայտարարեց եւ զինեալներէն պահանջեց մինչեւ ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00 հեռանալ թաղամասերէն` անոնց արտօնելով միայն անձնական թեթեւ զէնքեր կրել` աւելցնելով, որ սուրիական բանակը յանձն կ՛առնէ ուղեկցիլ եւ ապահովել անոնց անվտանգ անցումը դէպի երկրի հիւսիսարեւելեան շրջան:

Իշխանութիւններուն կողմէ տրամադրուած փոխադրակառքեր ուղղուեցան նշեալ թաղամասեր` Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու զինեալները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք փոխադրելու համար:

Սակայն Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ թաղամասերու ընդհանուր խորհուրդը յայտարարեց. «Որոշեցինք մեր թաղերը մնալ եւ զանոնք պաշտպանել»: Յայտարարութենէն ետք Հալէպի ներքին ապահովական ուժերու փոխադրակառքերը, որոնք եկած էին քիւրտ զինեալները փոխադրելու, վերադարձան:

Սուրիական բանակը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն նոր պայմանաժամ ճշդեց Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասէն հեռանալու: «Գանձասար» հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Շէյխ Մաքսուտ թաղամասը ռազմական փակ շրջան յայտարարեց: Հալէպի նահանգապետը յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու կարգ մը խմբաւորումներ արգելք հանդիսացան համաձայնաբար Շէյխ Մաքսուտի զինեալներու դուրս բերման գործընթացին, որուն հետեւանքով ալ սուրիական բանակի գործողութիւններու խորհուրդը Շէյխ Մաքսուտի բնակչութեան «Աուարետ» անցակէտէն դուրս գալու նոր ժամկէտ ճշդեց: «Կը յորդորենք Աշրաֆիէի, Պենի Զէյտի դուրս եկած բնակչութեան առայժմ չվերադառնալ, այլ սպասել ապահովական կողմերու թելադրանքներուն: Շէյխ Մաքսուտէն դուրս եկած բնակչութեան անհրաժեշտ մարդասիրական օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի մեր կողմէ», նշեց Հալէպի նահանգապետը` բնակիչներուն յորդորելով պատսպարուելու բնակարաններուն մէջ:

 

Leave a Comment