Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Կայուն Եւ Միացեալ Սուրիոյ Կը Զօրակցի»

Սպիտակ տունը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կայուն, միացեալ եւ ներքին առումով ու իր դրացիներուն հետ խաղաղութեամբ ապրող Սուրիոյ կը զօրակցի:

Այս մասին Սպիտակ տունէն անանուն պաշտօնատար մը յայտնեց Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութեան վերաբերեալ հարցումի մը գրաւոր իր պատասխանին մէջ:

«Ասիկա խաղաղ եւ բարգաւաճ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ նախագահ Թրամփի տեսլականին հիմնական սիւներէն մէկն է», ըսաւ ան:

Պաշտօնատարը շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է, որ Սուրիան «անգամ մը եւս ահաբեկչութեան ճամբարի» չվերածուի:

«Կայուն եւ գերիշխան Սուրիա մը շրջանին կայունութեան համար կենսական կարեւորութիւն ունի», նշեց Սպիտակ տունէն պաշտօնատարը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղեց` անհրաժեշտ նկատելով, որ բոլորը կեդրոնանան խաղաղ եւ կայուն Սուրիոյ վերակառուցման վրայ:

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք կոչ ուղղեց վերջ տալու Հալէպի մէջ կառավարական ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ բախումներուն` յայտնելով, որ Ուաշինկթըն կացութեան նկատմամբ չափազանց մտահոգ է:

Պարրաք յայտնեց, որ իր երկիրն ու անոր դաշնակիցները պատրաստ են նպաստելու կառավարական ուժերուն ու քրտական ուժերուն միջեւ լարուածութեան հանդարտեցման ջանքերուն:

«Սուրիոյ կառավարութեան ու Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավարութեան, քիւրտերու ղեկավարած շրջաններու տեղական իշխանութիւններուն եւ գետնի վրայ բոլոր զինեալ կողմերուն շտապ կոչ կ՛ուղղենք` «դադրեցուցէ՛ք մարտական գործողութիւնները, անմիջապէս վերջ տուէ՛ք լարուածութեան եւ յարգեցէ՛ք մագլցման հանդարտեցումը», աւելցուց Պարրաք:

 

 

Leave a Comment