ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան «Վանայ ձայն»-ի «Տօնական բարեւ» յայտագիրի ընթացքին անդրադառնալով լիբանանահայութեան համար 2025 տարուան յայտնեց. «Լիբանանահայութիւնը մէկ մասնիկն է համալիբանանեան պատկերին եւ բնականաբար չի կրնար չազդուիլ Լիբանանի վերիվայրումներէն ու անցուդարձներէն»:
«Նախագահական աթոռի քանի մը տարի թափուր մնալէն ետք նախագահ ընտրուեցաւ, եւ մենք` իբրեւ ՀՅԴ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, քուէարկեցինք ի նպաստ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութեան: Ատոր անմիջապէս յաջորդեց վարչապետի նշանակման օրակարգն ու կազմութիւնը կառավարութեան, որ ստացաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի վստահութիւնը, եւ այս կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացուեցաւ ընկերուհի Նորա Պայրագտարեանով:
«Այս ընթացքը շարունակուեցաւ այն ակնկալութեամբ, որ դրական գործընթաց մը կը սկսի: Դժբախտաբար դրական այդ երեւոյթները տակաւին իշխող չեն: Համեմատաբար կարելի է լաւատես ըլլալ եւ դրական ընթացք տեսնել, սակայն հարցականները կը շարունակուին մնալ», ընդգծեց Ալպեր Պալապանեան:
Անդրադառնալով քաղաքապետական ընտրութիւններուն` Պալապանեան նշեց. «Այդ ընտրութիւններու նախօրեակին կը լսէինք արտայայտութիւններ, թէ հայ համայնքը իր նախկին ուժականութիւնը չունի, եւ քուէները նուազում արձանագրած են: Սակայն ընտրութիւններուն արդիւնքը եկաւ հակառակը փաստելու: Ի պատիւ մեր լիբանանահայ հայրենակիցներուն, իրենց քաղաքացիական իրաւունքի եւ պարտաւորութեան գիտակցութենէն մղուած եւ անսալով ՀՅԴ-ի ու հայկական միւս կուսակցութիւններու կոչին, անոնք պատկառելի թիւով մը մասնակցեցան քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն:
«Արդիւնքներուն լոյսին տակ փաստուեցաւ, որ հայ համայնքի ուժականութեան մասին բոլոր ըսի-ըսաւները ճիշդ չեն»:
«Ընտրութիւններէն ետք քաղաքական վերիվայրումները կը շարունակուին: Մեզի կը մնայ գնահատում կատարել այն կացութեան, որ ստեղծուած է, եւ աշխատանք տանիլ մեր համայնքն ու անոր ուժականութիւնը պահելու եւ աւելի ամրապնդելու», նշեց Պալապանեան:
«Պէտք է գնահատել մեր բոլոր կառոյցները, որովհետեւ ներկայ դժուար պայմաններուն ու անսահման պէտքերու պահանջին մէջ անոնք կը գործեն իրենց կարողութենէն տասնապատիկ աւելի ճիգով, որովհետեւ կարիքները բազմապատկուած են եւ անոնց դիմաց կարելիութիւնները նուազած, սակայն այս բոլորով հանդերձ մեր շրջագայութիւններուն եւ հանդիպումներուն ընթացքին երեւելի իրականութիւն է, որ այդ կառոյցները մեծ զոհողութիւններով կը գործեն, որպէսզի հասնին մեր հայրենակիցներուն կարիքներուն», ըսաւ ան:
«Լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ իր հիմնական դերակատարութիւնը ունենալ համագաղութային եւ Հայ դատի աշխատանքներուն Մէջ», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը: