ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի խօսնակ Հալա Հատտատի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «2025 թուականը կռնակէն հարուածեց բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատային մարդու իրաւունքներուն, ինքնորոշման իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ ոտնահարեց բոլոր այն գեղեցիկ նշանաբանները, զորս մեծ երկիրները միշտ կը կրկնեն: Այսօր 2026 թուականի երկրորդ օրն է, եւ կը յուսանք, որ առնուազն աւելի լաւ տարի մը եւ աւելի լաւ օրեր կ՛ունենանք անձնական, ընտանեկան եւ հայրենիքի մակարդակին վրայ»:
«Հոգատարութիւնը հոգատարութիւն է, ով որ ալ ըլլայ, որ երկիրն ալ ըլլայ հոգատարը: Հիմնական խնդիրը այն է, որ վարժուեցանք այլոց հովանաւորութիւնը ընդունելու: Մենք չենք, որ հաւասարակշռութիւն ստեղծեցինք: Այս հովանաւորութիւններն ու պետութիւններուն միջեւ հակասական շահերը, երբեմն Լիբանանին ու լիբանանցիներուն վրայ դրական ազդեցութիւն կը ձգեն, երբեմն ալ` ժխտական: Այսպէս էր անկախութենէն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմ, մինչեւ Թաէֆի համաձայնագիր, հասնելով արտասահմանի մէջ գոյացած որոշ համաձայնութիւններու հիմամբ ընտրուած հանրապետութեան նախագահներ, վարչապետի նշանակումներ, կառավարութեան կազմութիւններ, եւ ամէն հոգատարութիւն նշեալ կառավարութիւններուն մէջ իր աւանդները ունէր», նշեց ան:
«Պետութեան իր հեղինակութեան վերատիրանալը ի վնաս մարդոց եւ կուսակցութիւններուն չէ, ընդհակառակը` անոնց ի շահ է: Ո՞վ ըսաւ, որ որոշում կայացնողները չեն ուզեր, որ կացութիւնը այսպէս մնայ, որպէսզի շարունակեն իրագործել Մեծն Միջին Արեւելքի, Աբրահամեան համաձայնութիւններու, Մեծն Իսրայէլի ծրագիրը: Եւ իրենք է, որ երկիրներու մէջ` Լիբանանի մէջ, թէ այլուր, սադրանք կը յառաջացնեն», յայտնեց Բագրատունի:
«Լիբանանը օտար երկիրներուն համար տարածք մըն է, ուր գոյութիւն ունին շահեր, ինչպէս` կազը, կարեւոր կառոյցները, ճամբաները եւ ժողովուրդը: Այլ երկիրներու համար կազն ու քարիւղը օրհնութիւն է, իսկ մեզի համար` պատուհաս, որովհետեւ Իսրայէլը ուրախ պիտի չըլլայ Լիբանանի կազ ու քարիւղ ունենալովը, բացի եթէ կարենայ ամբողջ շրջանին տիրել», ըսաւ ան:
«Ոչ ոք խաղաղութեան դէմ է, սակայն մենք կը խօսինք համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան մասին, այսինքն, թող Իսրայէլ հեռանայ Լիբանանէն, եւ այդ ատեն կրնանք խաղաղութեան մասին մտածել», նշեց Բագրատունի:
«Իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ կ՛ըսեմ, որ ես հանրապետութեան նախագահին կը վստահիմ, որովհետեւ բանակի հրամանատար էր, բանակին միասնականութիւնը կարողացաւ պահպանել, երբ նախագահ չկար:
«Նախագահ Ժոզեֆ Աուն բոլոր հաւասարակշռութիւններն ու վտանգները գիտէ, շատ չի խօսիր, հանդարտ է, եւ պատրաստ չէ երկիրը տանելու կացութիւններու, որոնք ի նպաստ եւ ի շահ արտաքին կողմերու են: Զէնքի մենաշնորհումն ու պետութեան գերիշխանութիւնը իւրաքանչիւր լիբանանցիի պահանջն են: Ես հանրապետութեան նախագահին ու անոր իմաստութեան կը վստահիմ», նշեց Բագրատունի: