Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Գ.) Երիտասարդական Ուղղութիւն

Ապագայ լրագրողներու 5-րդ փուլի մեկնարկը  որոշ նախապատրաստութիւն կ՛ենթադրէր: Այս նախագիծի պատասխանատուները նկատած էին որոշ դժուարութիւն գործնական-տեսական դասընթացքներէն ետք ապագայ լրագրողները համախմբելու եւ աշխատանոցային դրութեամբ քննարկումներ կազմակերպելու համար:

Խորհրդակցական հանդիպումները յանգեցան այն եզրակացութեան, որ աշխատանքային ձեւաչափը պէտք է կրէր որոշ փոփոխութիւն: Թիրախային միջավայրը հայկական վարժարաններն ու երիտասարդական միութիւններն էին:

Ապագայ լրագրողներու ծրագիրին պատասխանատուները իրենք սկսան այցելել դպրոցներ, տեսակցութիւններ ունենալ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն հետ, պարզել ծրագիրը եւ հրաւիրել այն աշակերտները, որոնք լրագրութեամբ հետաքրքրուած են մասնակցելու աշխատանքային նիստերու:

Նախ եւ առաջ իւրաքանչիւր դպրոցի մէջ ուրեմն տեղի պիտի ունենար աշխատանոցը: «Ազդակ»-ի ներկայացուցիչները պիտի պարզէին թերթի աշխատանքներուն այբուբենը եւ անկէ ետք ձեռնարկէին գործնական աշխատանքի:

Այս աշխատանոցին ձեռք բերած արդիւնքներուն հիման վրայ  պիտի ծրագրուի երկրորդ փուլը, համեմատաբար աւելի յառաջացած  բովանդակութեամբ: Ծրագիր, որ տեսականին առընթեր պիտի փորձէ ներառել նաեւ դաշտային աշխատանքը, հարցախուզային բաժինը, հարցազրոյց վարելու կանոնները, թղթակցութեան եւ յօդուածագրութեան ծանօթ կէտերը:

Նախատեսուած է, որ ծրագրի կիրարկման համար դիմենք նաեւ շրջանաւարտ լրագրողներուն: Իրենց ունեցած փորձառութիւնը կիսելու նորերուն հետ, ինչու չէ նաեւ քննարկումներ վարելու:

Այս ծրագիրին հետ կապուած բուն խնդիրը կը շարունակէ մնալ ութ ամսուան վրայ երկարող դասընթացքը աւարտողներու մամուլին հետ կապը պահելու հրամայականը: Ըսած էինք նախապէս, որ այս վարժողական ծրագիրին մասնակիցներուն առնուազն մեծամասնութիւնը լրագրութեան հետ աղերս չունեցող մասնագիտութիւններու կը հետեւի իբրեւ բարձրագոյն ուսում: Առաջադրանքը իբրեւ աշխատակից  կամ մամուլի հետ հարազատ կապ պահող յօդուածագիր կամ ընթերցող մարդուժ պահելն է:

Անտեղի պիտի չըլլար այստեղ արձանագրելը, որ ծրագիրին հետեւողներէն շատեր կը ստորագրեն

«Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսնող իրենց միութեան էջերուն մէջ, անոնցմէ ոմանք իբրեւ թղթակից կը գործակցին «Ազդակ»-ին հետ, ուրիշներ արդէն իբրեւ  հաղորդավար կ՛աշխատին «Վանայ Ձայն»-ի մէջ. ունինք նաեւ ապագայ լրագրողի հերթական փուլը աւարտած երիտասարդ, որ միաժամանակ հաղորդավար ըլլալուն առընթեր ստանձնած է կուսակցութեան հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատուութիւնը:

Յօդուածներով, գաղափարներով, նորարարութիւններով իրավիճակներ ալիքաւորելու եւ ստեղծագործական յատկանիշներով ուշադրութիւն գրաւելու երեւոյթներ կ՛ակնկալենք գէթ մամուլի դաշտին մէջ:

Ապագայ լրագրողներու պատասխանատուները այս առաջադրանքին ընդառաջ կը մշակեն նոր ծրագիրը` առիթ տալով իւրաքանչիւր մասնակիցի թռիչք տալու իր մտածումներուն եւ գաղափարներուն: Երիտասարդական համարձակութեամբ. նոյնիսկ յանդգնութեամբ:

Leave a Comment