Ներկայացուցիչներու Տան Ներկայացուեցաւ Հայաստանի Ապահովութիւնը Երաշխաւորելու Բանաձեւը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ կը զօրակցի Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 6840 բանաձեւին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահէն պիտի խլէ Ազատութեան ջատագովման բանաձեւի թիւ 907 բաժինը շրջանցելու իրաւունքը:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու նպատակով 1992-ին վաւերացուած թիւ 907 բաժինը ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջանցելու իրաւասութիւնը, եւ բոլոր նախագահները օգտագործած են այդ իրաւունքը` հարիւրաւոր միլիոնի ռազմական աջակցութիւններ տրամադրելով Ազրպէյճանին:

Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով բանաձեւը ներկայացուած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Կաս Պիլիրաքիսի եւ Ֆրենք Փալոնի կողմէ, իսկ անոր կը զօրակցին Պրետ Շըրմըն, Տէյվիտ Վալատաօ, Կէյպ Էմօ, Պրայըն Ֆիցփեթրիք, Տէյվ Մին, Ճեն Սաքովսքի եւ Քրիս Սմիթ:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ Ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները պէտք է կասեցուին, այնքան ատեն որ Պաքու յստակ քայլերու չէ դիմած Հայաստանի հետ արդար եւ ապահով խաղաղութիւն մը հաստատելու նպատակով:

Անիկա կը պահանջէ ազրպէյճանական ուժերուն հեռացումը Հայաստանի գերիշխան տարածքներէն, բոլոր հայ գերիներուն եւ պատանդներուն ազատ արձակումը, Հայաստանի դէմ թշնամական գործողութիւններու դադրեցումը, Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի ճանաչումը եւ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը:

Միւս կողմէ, Հայ դատի յանձնախումբը պայքար կը տանի ձախողութեան մատնելու համար թիւ 907 բաժինը ջնջելու նպատակով քոնկրեսական Աննա Փոլինա Լունայի ներկայացուցած թիւ 6534 բանաձեւը:

 

Leave a Comment