Արեւմուտքը աշխուժօրէն կը միջամտէ այլ երկիրներու ընտրութիւններուն: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան նշած է, որ գերիշխան երկիրներու ներքին գործերուն միջամտութիւնը նոր գաղութատիրութեան ամէնէն ակնառու դրսեւորումներէն մէկն է:
«Արեւմուտքը երբեք չէ հրաժարած իր գործունէութեան այս գործելաոճէն: Մինչեւ օրս այն, ինչ որ մենք իրաւունք ունինք ընտրական նոր գաղութատիրութիւն կոչել, դարձած է շատ յստակ սպառնալիք համաշխարհային մեծամասնութիւն կազմող երկիրներու համար», ընդգծած է Լաւրով: