Վլատիմիր Փութին առանձին, ոչ պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Անոնք տեղի պիտի ունենան այս օրերուն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու աւանդական հանդիպման ծիրին մէջ:
«Նման ոչ պաշտօնական հաղորդակցութեան օրերը միշտ կ՛ուղեկցուին առանձին ոչ պաշտօնական երկկողմանի հաղորդակցութիւններով: Ահա թէ ինչ արժէք ունի այս ձեւաչափը», լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը: