«Ազդակ»-ի առցանց լսարանը սկիզբ առաւ «Քորոնա» համավարակի օրերուն, սկզբունքով փոխարինելու համար առկայ լսարանները, որոնք գրեթէ ամսական հերթականութեամբ տեղի կ՛ունենային, հիւրընկալելով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն դասախօսներ: Առցանցը այսօր արդէն հատած է թիւով 80-ի սահմանը եւ հաստատօրէն կ՛առաջնորդուի լրացնելու համար 100 թիւը:
Թիւերով չէ միայն, որ կը յատկանշուին այս լսարանները: Հիւր-դասախօսներու մասնագիտութիւնը, անոնց ունեցած փորձառութիւնը ոչ միայն ակադեմական, այլ նաեւ քաղաքական դաշտին մէջ նախ եւ առաջ «Ազդակ»-ին ապահովեցին բարձրորակ միջավայր մը, թէկուզ առցանց:
Դասախօսութիւններու նիւթերը բազմաբնոյթ են: Մշակութային, ընկերաբանական, հասարակագիտական, երաժշտագիտական եւ անշուշտ քաղաքական:
Բնականաբար հարց պիտի ծագի, որ համավարակի անհետացումէն ետք ինչո՞ւ շարունակուեցաւ առցանց լսարանի դրութիւնը: Պարզ է պատասխանը: Առցանց դրութիւնը թէ՛ դասախօսներու եւ թէ՛ մասնակիցներու առումով ապահովեց լայն աշխարհագրութիւն մը: Փաստօրէն մեր դասախօսները տարբեր երկիրներէ են. նաեւ` մասնակցող լսարանականները:
Կային առաջարկներ, որ բաց ծրագիրով, ուղիղ հեռարձակումով առցանց դասախօսութիւնները կարենային դիտել, հետեւիլ անոր. ան, որ այդ պահուն պատահաբար միացած էր ընկերային ցանցերուն եւ դիմատետրի «Ազդակ»-ի էջին, կարելիութիւն ունենար մասնակցելու լսարանին:
Առցանց լսարանները կը ծանուցուին դասախօսութենէն շաբաթներ առաջ` տպագիր, ելեկտրոնային տարբերակներով, առաւել եւս «Ազդակ»-ի ուաթց ափ կայանով. առընթեր այդ յայտարարութիւնները կ՛ուղարկուին հարիւրաւոր անուններ հաշուող ցանկերու: Ընդհանրապէս անոնց, որոնք մասնակցած են լսարաններուն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նաեւ իր ցանցին միացած հասցէներու ուղարկել յայտարարութիւնը` կարելիութիւն ընձեռելով այլոց մասնակցելու լսարանին:
Կը մնանք նոյն որոշումին կառչած: Հարիւրաւորներու կ՛ուղարկուի յղումը, իսկ անոնք, որոնք կ՛ուզեն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցիլ, կը դիմեն յայտարարուած հասցէին եւ կը ստանան յղումը: Այսքան մեծ տարածքներու վրայ յայտարարելէ եւ լսարանը կայանալէն ետք, ամբողջ դասախօսութեան տեսագրութիւնը կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքին վրայ, եւ դարձեալ անոր յղումը կ՛ուղարկուի նոյն հասցէներուն: Հետեւաբար, ուղիղ հեռարձակելու եւ պարագայաբար միանալու կարելիութիւն տալու փոխարէն նախընտրելի է նման մակարդակով դասախօսութիւններու պարագային նախապէս իրազեկուիլ եւ հայց ուղարկել մասնակցութեան:
«Ազդակ» ունի իր եութիուպեան ալիքը, ուր տեղադրուած են 80-է աւելի այս դասախօսութիւնները: Առաջադրանք է եւ հետագայ ծրագիր, այդ բոլորին արտագրումն ու խմբագրումը կատարելը: Ապա` հրատարակելը: «Ազդակ»-ի «Սիրուհի Պուտագեան» մատենաշարի հատոր մը կամ գուցէ հատորներ կրնան կազմել այս բարձրորակ մակարդակով ներկայացուած դասախօսութիւնները:
Առցանց դասախօսութիւնները պիտի շարունակուին անպայման: Անոնց նպատակը արդիական խնդիրներու մասին լսարանին մասնակցողները իրազեկելն է նախ եւ առաջ: Բայց նաեւ մեր թերթին շուրջ համախմբելը` հայկական իրականութեան տարբեր մասնագիտութիւններու ամէնէն հեղինակաւոր անունները:
Այս բոլորին մէջ պէտք է նկատել նաեւ, որ մասնագիտական նիւթի մատուցման համար արեւմտահայերէնի օգտագործումը ոչ միայն օրինակելի հանգամանք ունի, այլ նաեւ խորհուրդ: Խորհուրդ, որ կը վերաբերի մայրենիի մեր ճիւղին զարգացման, մասնագիտական բառապաշարներու կերտման, շատ յաճախ օտար բառերու հայացման եւ այդ ճամբով լեզուի կենսունակութեան պահպանման ամէնէն ազդեցիկ նպաստը բերելուն: