Այլեւս աւանդութիւն դարձած է։ «Ազդակ» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ փակուող տարուան ընթացքին իր գործունէութեան հիմնական բաժինները՝ տեղեկատուական կարգով, Ամանորին հրատարակուող բացառիկի ճամբով։ Վերջին տասնամեակին բացառիկներու «Ազդակ»-ի տարուան վերաբերող նիւթերու հաւաքումը մեծապէս կը նպաստէ «Ազդակ»-ի պատմութեան խմբագրման աշխատանքին։ «Ազդակ»-ի հիմնադրութենէն ի վեր տարբեր առիթներու եւ յատկապէս յոբելենական տարիներու առիթով «Ազդակ»-ի հրատարակած բացառիկները պարարտ նիւթ են «Ազդակ»-ի պատմութեան առաջադրելի խմբագրումին համար։Այս մտածումները այս առիթով կը յանձնենք այս սիւնակներուն, հիմնական այն պատճառով, որ շուտով «Ազդակ» կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակի տարին։ Հարիւրամեակը կþամբողջանայ 5 մարտ 2027-ին։ 2027-ին «Ազդակ» քանի մը ծրագիրի իրականացումով պիտի նշէ իր 100-ամեակը, որոնցմէ առաջինը բնականաբար պիտի ըլլայ յատուկ բացառիկ հատորի մը հրատարակութիւնը։
80-ամեակի եւ յատկապէս 90-ամեակի հատորին բովանդակութեան մօտէն ծանօթացողները նկատի առած պիտի ըլլան, որ անցնող տասնամեակներու գործունէութիւններու, «Ազդակ»-ի անցած ուղիի իւրաքանչիւր փուլի, նուաճումի մասին այդ հատորները ներառած են վաւերական վկայութիւններ։ Իրերայաջորդ տնօրէններ, պատասխանատու խմբագիրներ, խմբագրական թէ վարչական բաժանմունքներու մէջ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուց մամուլի գործիչներ իրենց մտածումներով եւ յատկապէս իրենց աշխատած ժամանակահատուածի մասին իրենց վկայութիւնները տուած են եւ այդպիսով նպաստած «Ազդակ»-ի պատմութեան նիւթ հայթայթելու աշխատանքին։ Մեծապէս գնահատելի այս հաւաքական աշխատանքը իր բերած օգուտին անդրադառնալ կու տայ տակաւին։ Չափազանցութիւն չþըլլար ըսելը, որ «Ազդակ»-ի պատմութիւնը փրկելու կոչուած աշխատանք էր իրականացուածը։
Հիմա, ըստ էութեան վերջին տասնամեակն է, որ լոյսին պէտք է գայ, տեղեկագրուի, խմբագրուի եւ հրատարակութեան յանձնուի։ Այս առումով մեկնակէտային նիւթեր պատրաստ են արդէն, ինչպէս վերը նշեցինք, իրերայաջորդ բացառիկներու մէջ «Ազդակ»-ի տարուան ներկայացումով։ Բնականաբար այստեղ չենք խօսիր զուտ օրաթերթի հրատարակութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին, այլ տարբեր գործառոյթներու՝ մարդուժի պատրաստութենէն մինչեւ գիրքերու շնորհահանդէսներ եւ մատենաշարի հաստատում, անցնելով թուայնացումէն եւ լսարաններու կազմակերպում՝ յիշելու համար գործառոյթներու ամէնէն հիմնական բաժինները։
100-ամեակի ծրագիրները կը հրապարակուին օրին։ Ըսենք միայն, համերգային, փառատօնային, հանգանակային, յոբելենական կեդրոնական ձեռնարկներու հոսքէն աւելի նպատակային նկատուած են աւելի սեղմ տարողութեամբ ձեռնարկներ, հրատարակութիւններ, վաւերագրականներ պատրաստելն ու պատմութեան յանձնելը։
Այս առիթով պէտք է նշել նաեւ տարիներու վրայ ընթացող խիստ կենսական աշխատանքի մը մասին։ Խօսքը «Ազդակ»-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի միջեւ կայացած համաձայնութեան մասին է, որուն հետեւողութեամբ Ազգային գրադարանի գիտաշխատող-մատենագէտներու խումբը կը պատրաստէ «Ազդակ»-ի 100-ամեայ արխիւին մատենագիտութիւնը։ Սփիւռքահայ մամուլի ուսումնասիրողին համար սկզբնաղբիւրի հանգամանք ներկայացնող անփոխարինելու նիւթերու շտեմարան մը, որ հասանելի պիտի ըլլայ թուանշային համակարգով։
Կը խորհինք, որ առնչակից այլ նախագիծեր եւս մնայուն հանգամանքի բնոյթ պիտի ունենան, ներգրաւելով մասնագէտ մարդուժի ներկայացուցիչներ։ 2027-ը յատկանշող ծրագիրներու մասին է խօսքը։ Այդ բոլորի նախապատրաստական աշխատանքներուն ձեռնարկուած է սակայն այժմէն։