Ս. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սուրբ Ծնունդը միայն յիշատակելի տօն չէ, այլ` խորիմաստ յայտարարութիւններու կողքին, մարդկային արժանապատուութեան` իբրեւ Քրիստոսով թանկագոյն պարգեւի մասին է` Աստուծոյ սրտէն ու էութենէն շնորհուած: Ծննդեան պատգամը կը հասնի մեզի այսօր, մինչ կորսուած կը թուին ըլլալ մարդու արժանիքն ու պատիւը: Յովհաննէս աւետարանիչ կը գրէ Տէր Յիսուսի ծնունդին` իբրեւ նշանակալի խորհուրդի մասին. «Բանը մարմին եղաւ» (Յովհ. 1.14): Ծնունդով … Read more

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆԳործադիր Տնօրէն Հայ ԱւետարանականՀամաշխարհային Խորհուրդի Ս. Ծննդեան մասին բազմաթիւ պատմութիւններ գրուած են, բայց անոնցմէ ոչ մէկը այնքան գեղեցիկ եւ նշանակալից է, որքան այն պատմութիւնը, զոր կը կարդանք Աւետարան ըստ Մատթէոսի եւ Ղուկասի առաջին գլուխներուն մէջ: Այնտեղ  կայ պարագայ մը, որ գուցէ երբեմն մեր ուշադրութենէն կը վրիպի, բայց եւ այնպէս, սրտառուչ եւ … Read more

Լեւոն ԺԴ. Պապին Շնորհաւորագիրը` Ուղղուած Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Վատիկանի պապական նուիրակ Փաուլօ արքեպիսկոպոս Պորճիան եւ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Լեւոն ԺԴ. պապին շնորհաւորագիրը, երկուշաբթի, 5 յունուար 2026-ի առաւօտեան: Նամակին մէջ պապը վեհափառ հայրապետին իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ` Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին միջեկեղեցական ու միջկրօնական հանդիպումներուն մասնակցութեան համար: Այս առիթով, պապական նուիրակը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Նոր տարուան … Read more

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ պահանջեց, որ Դանիոյ պատկանող եւ ինքնավարութիւն վայելող Կրինլանտ շրջանը մաս կազմէ Միացեալ Նահանգներուն: Թրամփ «Տը Աթլանթիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կրինլանտին կարիքը ունինք: Հաստատօրէն անոր կարիքը ունինք անվտանգութեան համար»: Ան Կրինլանտը նկարագրեց իբրեւ «ռուսական ու չինական նաւերով շրջապատուած»: Պատասխանելով Վենեզուելայի մէջ զինուորական գործողութիւնը Կրինլանտի մէջ Միացեալ Նահանգներու հաւանական քայլին … Read more

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեզի հետ կը խօսի՞, նշեց. «Կ՛աշխատինք անձերուն հետ, որոնք տակաւին նոր երդում տուին: Ինծի մի՛ հարցնէք, թէ պատասխանատուն ո՛վ է, այլապէս ձեզի պիտի տամ պատասխան մը, որ չափազանց վիճայարոյց է»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ … Read more

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի գերեվարումէն ետք «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Մեզի վենեզուելական քարիւղ պէտք չէ: Մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ ունինք բաւականաչափ սեփական քարիւղ: Այն, ինչ որ մենք չենք արտօներ, Վենեզուելայի քարիւղային արդիւնաբերութեան Միացեալ Նահանգներու հակառակորդներուն կողմէ վերահսկումն է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Չինաստանին անհրաժեշտ է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ … Read more

Բլոգերը էլիտար կլինիկաներից մեկում հետույքի մեծացման վիրահատությունից հետո մահացել է. ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին  Երեսունութամյա բլոգեր Յուլիա Բուրցևան մահացել է Մոսկվայի կլինիկաներից մեկում հետույքի մեծացման վիրահատությունից հետո, հայտնում է Telegram 112 ալիքը ։ Բժիշկները պայքարում էին աղջկա կյանքի համար, բայց չկարողացան փրկել նրան։ Դեպքի առթիվ հարուցվել է քրեական գործ։ 112-ի տվյալներով՝ Բուրցևան ընտանիքի հետ ապրել է  Իտալիայում և վերջերս ժամանել է Մոսկվա։ Նա վիրահատվել … Read more

Սուրիա – Իսրայէլ Բանակցութիւններ

Իսրայէլեան աղբիւր մը «Մաարիւ»-ին յայտնած է. «Սուրիոյ հետ բանակցող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորեն Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու վարչապետ Նեթանիահուի զինուորական քարտուղարը»: Աղբիւրը իսրայէլեան օրաթերթին նշած է. «Սուրիոյ հետ բանակցութիւններուն նպատակը կայունութեան եւ վտանգներու նուազեցման ձգտումն է, եւ ոչ թէ` քաղաքական բեկումի իրագործումը»: Բանակցութիւնները երէկ ընթացք առին Փարիզի մէջ:  

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, էջմիածնական արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի, հանգստեան կոչուող Նիւ Եորքի կաթողիկէ առաջնորդ Թիմոթի եպս. Տոլընի եւ այլ եկեղեցական ղեկավարներու հետ, կոչ մը ուղղեց Լեւոն ԺԴ. պապին` հայցելով, որ ապահովէ ազատ արձակումը հայ գերիներուն, որոնք ապօրինի կերպով բանտարկուած են Ազրպէյճանի մէջ, յիշելով անոնց վատթարացող պայմանները եւ Արցախի … Read more

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հեռացումը պահանջող10 արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները նախանցեալ օր «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ բարենորոգման յայտարարութեամբ» հանդէս եկած են: Ճանապարհային քարտէսի հինգ կէտերով կը նախատեսուի «բարենորոգման օրակարգի հանրահռչակում, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացում (հանգստեան կոչում), սահմանուած կարգով կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ընդունում … Read more