Թրամփ. «Յաջորդ Յարձակումը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ. Կը Յուսանք, Որ Իրան Բանակցութեան Սեղան Կը Նստի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ հսկայ «Արմատա» մը արագօրէն դէպի Իրան կ՛ուղղուի` աւելցնելով, որ անիկա Վենեզուելա ուղարկուածէն մեծ է: Ան զգուշացուց, որ նաւատորմիղը պատրաստ է իր առաքելութիւնը կատարելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային ուժ կիրարկելու: «Յուսանք, որ Իրան շուտով բանակցութեան սեղան կու գայ նստելու եւ բանակցելու արդար ու անաչառ համաձայնութիւն մը` առանց հիւլէական զէնքերու: Համաձայնութիւն … Read more

Արաղչի. «Անցնող Օրերուն Ուիթքոֆի Հետ Չհաղորդակցեցայ Եւ Բանակցութիւններ Չխնդրեցի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Անցնող օրերուն ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ չհաղորդակցեցայ եւ բանակցութիւններ չխնդրեցի»: «Իրան կապի մէջ է միջնորդ պետութիւններուն հետ, որոնք խորհրդակցութիւններ կը կատարեն», աւելցուց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ամանի իր կարգին յայտնեց. «Ներկայիս Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ չկան, սակայն պատգամներու փոխանակում կայ»` աւելցնելով. «Նոյնիսկ եթէ … Read more

«Իրանը Հարուածելու Համար Օգտագործուող Որեւէ Մերձակայ Երկիր Թշնամական Պիտի Նկատուի» Կ՛ըսէ Յեղափոխական Պահակագունդը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը զգուշացուց, թէ մերձակայ երկիրները թշնամական պիտի նկատուին, եթէ Իրանի վրայ յարձակում շղթայազերծելու համար օգտագործուին: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի հրամանատարի քաղաքական օգնական Մոհամետ Աքպարզատէ յայտնեց. «Մերձակայ պետութիւնները մեզի բարեկամ են, սակայն, եթէ անոնց հողերը, օդային կամ ջրային տարածքը Իրանի դէմ օգտագործուին, թշնամական պետութիւններ պիտի նկատուին»:

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Պատրաստ Են Ուժ Կիրարկելու` Վենեզուելայի Իշխանութիւններուն Հետ Առաւելագոյն Համագործակցութիւն Ապահովելու Համար»

Մենք պատրաստ ենք ուժ կիրարկելու` Վենեզուելայի իշխանութիւններուն հետ առաւելագոյն համագործակցութիւն ապահովելու համար, եթէ այլ գործելաոճերը անարդիւնաւէտ ըլլան: Յոյսով ենք, որ ատիկա անհրաժեշտ պիտի չըլլայ, սակայն մենք երբեք պիտի չհրաժարինք ամերիկացի ժողովուրդին առջեւ մեր պարտականութենէն եւ այս կիսագունդին վրայ մեր առաքելութենէն: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ … Read more

Ֆիտան. «Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելը Սխալ Է, Որովհետեւ Անիկա Պատրաստ Է Իր Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Անգամ Մը Եւս Բանակցելու»

Իրանի վրայ յարձակում գործելը սխալ է, որովհետեւ անիկա պատրաստ է իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ անգամ մը եւս բանակցելու: Այս մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: «Ամերիկացի ընկերներուն խորհուրդս է` իրանցիներուն հետ փաստաթուղթերը մէկ առ մէկ փակեցէ՛ք: Սկսեցէ՛ք հիւլէականէն, զայն փակեցէ՛ք եւ զայն իբրեւ ծրար մի՛ … Read more

Փեզեշքիանի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Թագաւորութիւնը Իր Օդային Տարածքն Ու Հողերը Իրանի Դէմ Որեւէ Զինուորական Գործողութեան Մէջ Օգտագործելը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

Սէուտական Արաբիոյ պետական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երեքշաբթի օր հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ եւ վարչապետ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին: Իրանի նախագահը ներկայացուցած է իր երկրին մէջ կացութեան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ իրանեան կառավարութեան ջանքերը: Ան նաեւ անդրադարձած է հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն վերջին նորութիւններուն: Պըն Սալման իշխանը … Read more

Ամերիկեան Բանակը Միջին Արեւելքի Մէջ Օրերու Վրայ Երկարող Օդուժի Ռազմափորձի Պիտի Ձեռնարկէ

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Միջին Արեւելքի մէջ օրերու վրայ երկարող օդուժի ռազմափորձի պիտի ձեռնարկէ: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը: Հրամանատարութիւնը յայտնեց, թէ 9-րդ օդուժը, որ նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան` «Սենթքոմ»-ի մէջ ծանօթ է կեդրոնական օդուժ անունով, կը գործադրէ քանի մը օրուան վրայ երկարող ռազմափորձ մը կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան տարածքին … Read more

Քիւրտերու Լքումը Աղէտ Նկատելով` Կրահամ. «Քիւրտերը Թիրախաւորող Որեւէ Կողմի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Օրինագիծ Մը Պիտի Ներկայացնեն»

Ամերիկացի ազդեցիկ ծերակուտական Լինտսի Կրահամ յայտնեց. «Չափազանց մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման: Քիւրտերը Թուրքիոյ դաշնակից սուրիական նոր կառավարութենէն վտանգ կը դիմագրաւեն»: «Քիւրտերը լքելը Միացեալ Նահանգներու վարկին ու ազգային անվտանգութեան շահերուն համար աղէտ պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ անոնք ՏԱՀԵՇ-ի խալիֆայութեան վերջ տալու մէջ հիմնական դաշնակից էին», նշեց Կրահամ: «Ուստի, այս շաբաթ աշխատանք պիտի տանիմ … Read more

Ռուսաստանը չգիտի, թե ինչ երաշխիքների շուրջ են համաձայնության եկել ԱՄՆ-ն և Ուկրաինան. ՌԴ արտգործնախարար

Միջազգային 29 Հունվար, 2026 16:46 Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին Ռուսաստանը տեղեկություններ չունի այն մասին, թե ինչ անվտանգության երաշխիքների շուրջ կարող են համաձայնության գալ ԱՄՆ-ն և Ուկրաինան, լրագրողներին ասել է Ռուսաստանի արտաքին գործերի նախարար Սերգեյ Լավրովը՝ ТАСС-ի փոխանցմամբ։ «Մենք չգիտենք, … Read more

Աբու Դաբիում բանակցությունները կարող են տևել մեկ օրից ավել. Պեսկով

Միջազգային 29 Հունվար, 2026 14:47 Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին Աբու Դաբիում ​​​​բանակցությունների մանրամասները կքննարկվեն մինչև բանակցությունների վերսկսման օրը, լրագրողներին ասել է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Դմիտրի Պեսկովը։ «Մոդալները կհամաձայնեցվեն հանդիպումից առաջ՝ մինչև կիրակի։ Ըստ էության, սա ոչինչ չի … Read more