Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Պատրաստ Են Ուժ Կիրարկելու` Վենեզուելայի Իշխանութիւններուն Հետ Առաւելագոյն Համագործակցութիւն Ապահովելու Համար»

Մենք պատրաստ ենք ուժ կիրարկելու` Վենեզուելայի իշխանութիւններուն հետ առաւելագոյն համագործակցութիւն ապահովելու համար, եթէ այլ գործելաոճերը անարդիւնաւէտ ըլլան: Յոյսով ենք, որ ատիկա անհրաժեշտ պիտի չըլլայ, սակայն մենք երբեք պիտի չհրաժարինք ամերիկացի ժողովուրդին առջեւ մեր պարտականութենէն եւ այս կիսագունդին վրայ մեր առաքելութենէն: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ:

Ան նշած է, որ Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեզ խոստացած է երկրի ուժանիւթային ոլորտը բանալ ամերիկեան ընկերութիւններու դիմաց, ապահովել արտադրութեան արտօնեալ հասանելիութիւն եւ քարիւղէն ստացուած եկամուտները օգտագործել ամերիկեան ապրանքներ գնելու համար:

Ռոտրիկեզ երկուշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Ուաշինկթըն այլեւս պէտք չէ Վենեզուելային ներքին քաղաքականութեան հարցին մէջ հրամաններ տայ: Ան ընդգծած էր, որ երկրի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու միակ ուղին ազգային միասնութիւնն է: Ռոտրիկեզ աւելցուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ տարակարծութիւնները պիտի լուծուին պոլիվարեան դիւանագիտութեան միջոցով:

Ան անցեալ շաբաթ ալ բացայայտած էր, որ Միացեալ Նահանգներ սպառնացած են զինք եւ Վենեզուելայի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարները սպաննել, եթէ անոնք հրաժարին համագործակցիլ:

 

Leave a Comment