Քիւրտերու Լքումը Աղէտ Նկատելով` Կրահամ. «Քիւրտերը Թիրախաւորող Որեւէ Կողմի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Օրինագիծ Մը Պիտի Ներկայացնեն»

Ամերիկացի ազդեցիկ ծերակուտական Լինտսի Կրահամ յայտնեց. «Չափազանց մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման: Քիւրտերը Թուրքիոյ դաշնակից սուրիական նոր կառավարութենէն վտանգ կը դիմագրաւեն»:

«Քիւրտերը լքելը Միացեալ Նահանգներու վարկին ու ազգային անվտանգութեան շահերուն համար աղէտ պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ անոնք ՏԱՀԵՇ-ի խալիֆայութեան վերջ տալու մէջ հիմնական դաշնակից էին», նշեց Կրահամ:

«Ուստի, այս շաբաթ աշխատանք պիտի տանիմ ներկայացնելու օրինագիծ մը` քիւրտերուն դէմ թշնամական գործողութիւններու մասնակից որեւէ կառավարութեան կամ կողմի դէմ խիստ պատժամիջոցներ հաստատելու նպատակով», յայտնեց ծերակուտականը:

«Կը կարծեմ, որ «քիւրտերու փրկութեան օրէնք»-ը երկու կուսակցութիւններէն ուժեղ աջակցութեան պիտի արժանանայ, եւ անիկա պէտք է խիստ եւ ազդու ըլլայ` անոր գործադրութիւնը երաշխաւորելու համար», ըսաւ Կրահամ:

Leave a Comment