Քալլաս. «Ես Այստեղ Եմ Յստակ Ուղերձով` Եւրոպական Միութիւնն Ու Հայաստանը Երբեք Այսքան Մօտիկ Չեն Եղած, Որքան` Հիմա»

Ես այստեղ եմ յստակ ուղերձով` Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը այսքան մօտիկ չեն եղած, որքան` հիմա: Այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Այսօր մեր կողմէ միասնաբար տրուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ խորհրդակցութիւններու … Read more

Պաղայի. Իրան Կ՛աջակցի Հայաստան-Ազրպէյճան Խաղաղութեան Համաձայնագիրին»

Իրան կ՛աջակցի Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրին: Այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի: «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հարցի վերաբերեալ մենք միշտ ընդգծած ենք երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցելու անհրաժեշտութիւնը եւ խրախուսած ենք երկու կողմերն ալ կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը: «Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը Իրանի իսլամական … Read more

Լաւրով. «Հայաստանի Հանրապետութեան Իշխանութիւններուն Կողմէ Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումները Մտահոգիչ Են»

Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը երկրի ներքին գործն է, սակայն եկեղեցւոյ վրայ յարձակումները մտահոգութիւն կը պատճառեն: Այս մասին Խըրխըզիստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նիստին չմասնակցեցաւ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ իր երկիրը շահագրգռուած … Read more

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Նպատակը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կացութեան Կարգաւորման Ջանքերուն Աջակցիլն Է

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասին ներկայացուցած է առաքելութեան գործընկերութիւնը եւ այդտեղ վերջին զարգացումները: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան դիմատետրեան էջը: Գրառումին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան նպատակն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կացութեան … Read more

Մաքրոն. «Կ՛աջակցինք Հայաստանի Կառավարութեան Որդեգրած Խաղաղութեան Ռազմավարութեան»

Տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, քննարկուած են Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմ, շրջանային եւ միջազգային օրակարգին վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն: Հայաստանի վարչապետը Ֆրանսայի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ անոր անձնական ներդրումին համար: Զրուցակիցները համաձայնած են շարք մը ուղղութիւններով … Read more

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մաքրոնի Յայտարարութիւնը Կը Խրախուսէ Հայաստանի Մէջ Ձեւաւորուող Ամբողջատիրական Համակարգը»

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւններուն` նշելով. «Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնը, ցաւօք, խրախուսում է Հայաստանում ձեւաւորուող ամբողջատիրական համակարգը: Յարգելի՛ նախագահ Էմանուել Մաքրոն, Ձեր «աջակցութիւնը» Նիկոլ Փաշինեանին փաստացի նպաստում է ոչ թէ ժողովրդավարութեան, այլ բռնապետութեան կայացմանը Հայաստանում եւ տարածաշրջանում նոր բռնապետի ի յայտ գալուն: Վերջին տարիներին, երբ Եւրոպական … Read more

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը Կը Դատապարտէ Էջմիածինի Մէջ Տեղի Ունեցածը

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան դատապարտեց Էջմիածինի մէջ հինգշաբթի օր տեղի ունեցածը, երբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան անդամները եւ իրաւապահները մտած էին վեհարանի տարածք, կ՛ուզէին ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը: Պատրիարքը նշած է, որ խստագոյնս կը դատապարտէ Էջմիածինի, Հայոց սրբութեան սրբոցի հանդէպ վերջին օրերու ամօթալի ու անպատուաբեր դրսեւորումներն ու գործողութիւնները: «Կոչ կ՛ուղղենք կանգ … Read more

Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւնը Իր Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին Եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին

Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հայ առաքելական եկեղեցիին եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: «Հայոց եկեղեցին դարեր շարունակ իր հայրապետներուն գլխաւորութեամբ, հայրենասիրական ոգիով եւ ազգանուէր ինքնազոհութեամբ առաջնորդած է հայ ազգը` նաւարկելով պատմութեան մութ ու փոթորկալից արհաւիրքներուն մէջ, հայ ազգի գոյատեւումը ապահոված է` ի հեճուկս ոխերիմ թշնամիներուն: «Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աշխարհացրիւ հայութեան կը ներկայանայ … Read more

Փեսքով. «Հայաստանի Մէջ Կատարուողը Հայաստանի Ներքին Գործն Է, Ոչ Մէկ Ձեւով Կ՛ուզենք Խառնուիլ»

Ատիկա Հայաստանի ներքին գործն է, եւ մենք ոչ մէկ ձեւով կ՛ուզենք խառնուիլ այդ ներքին գործերուն: Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով այդպէս պատասխանած է Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Փաւել Զարուպինի այն հարցումին, թէ Ռուսիա ի՞նչ վերաբերմոնք ունի Հայաստանի մէջ կատարուող վերջին իրադարձութիւններուն նկատմամբ: «Անկասկած, Հայաստան մեզի շատ բարեկամ երկիր է, եւ եկէք չմոռնանք, որ … Read more

Սոպհանի. «Խորհուրդ Կու Տանք Ինքնակոչ Պահանջներով Չխանգարել Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման»

Իրան կտրականապէս կը մերժէ որեւէ տարածքային պահանջ, որ կը խախտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգային գերիշխանութիւնը: Յօրինուած եւ կեղծ արտայայտութիւններու օգտագործումը կը հակասէ շրջանին մէջ խաղաղ համակեցութեան ծրագիրին, դրացնութեան տրամաբանութեան եւ այլ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, պէտք է խուսափիլ նման արտայայտութիւններու օգտագործումէն: «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան,  այս մասին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի … Read more