ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

10 յունուար 2026-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 29-րդ (արտակարգ) Գերագոյն ժողովը, որ քննեց նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան 13 յունուարին կայացած ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը որոշած է մասնակցիլ ընտրութիւններուն` նախապատուութիւնը տալով դաշինքային ձեւաչափին: … Read more

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինը` վերջինիս դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին: Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց Նախարարութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը: «Երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծուած են վերջին տարիներուն իրականացուած միատեղ աշխատանքի արդիւնքները, որոնց շնորհիւ կարելի դարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ … Read more

Ըստ Թուրքիոյ Փոխադրութեան Նախարարին. Զանգեզուրի Միջանցքը Կրնայ Գործարկուիլ Մինչեւ 2030

«Զանգեզուրի միջանցքը կրնայ գործարկուիլ մինչեւ 2030 թուականը», «Անատոլու» լրատու գործակալութեան ըսած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարարը: Նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու ընդգծած է, որ գործընթացը սկսած է Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ` աւելցնելով, որ այս տարի եւս այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց կ՛ակնկալուի: «Մենք անցեալ տարիէն սկսած ենք Կարս-Իգտիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի շինարարութիւնը, որ կարեւոր է Զանգեզուրի միջանցքին համար, Ազրպէյճանն ալ Նախիջեւանի … Read more

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Յունուարի Կիսուն Պիտի Աւարտէ Իր Աշխատանքը

Երեք տարի պաշտօնավարելէ ետք յունուարի կիսուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իր աշխատանքը պիտի աւարտէ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին: Այս մասին կը հաղորդէ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը` ընդգծելով, որ դեսպանի հեռանալէն ետք Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը փոփոխութեան պիտի չենթարկուի: «Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Հայաստանի հետ իր գործընկերութեան ու կ՛ակնկալէ տեսնել Միացեալ … Read more

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը երէկ կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, անոր յանձնուած է բողոքագիր, որուն մէջ խոր վրդովմունք արտայայտուած է ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանին մաս կազմող ծրագիրի եթերին մէջ հնչած յայտարարութիւններուն առիթով: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: Ըստ Անի Բադալեանի, «ընդգծուած է, որ անոնք Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ … Read more

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան յայտարարեց, թէ դեկտեմբերի վերջաւորութեան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Ընկերվարականներու եւ ընկերվար-ժողովրդավարներու խմբակցութեան փոխնախագահ եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան մնայուն/ընդդիմադիր անդամ, խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, շրջանի զեկուցող Լուիշ Կրացիային եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի Մարդու իրաւունքներու հարցերով զեկուցող Քարինա Օտեպրինքին նամակներ ուղարկած է` ներկայացնելով Հայաստանի մէջ … Read more

Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը այս տարի Պոլիսէն Երեւան կանոնաւոր թռիչքներ պիտի կատարէ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ: Ան նշած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ քայլ մը եւս կատարուած է: Քըլըչի համաձայն, Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը 11 մարտ 2026-էն սկսեալ պիտի սկսի Պոլիս-Երեւան-Պոլիս երթուղիով ամէնօրեայ կանոնաւոր … Read more

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Եւ Շրջանային Հարցեր

Երեւան երկօրեայ այցելութիւն կու տայ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը: Երէկ Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւններ կատարուած են փոխնախարարներ Վահան Կոստանեանի եւ Մաճիտ Թախթ Ռաւանչիի գլխաւորութեամբ: Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստան-Իրան երկկողմանի յարաբերութիւնների օրակարգը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն առնչուող հարցեր: «Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան … Read more

Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները

Երէկ օրուան երկրորդ կէսին նախատեսուած Հալէպ- Երեւան ու հակառակ ուղղութեամբ` Երեւան- Հալէպ թռիչքները չեղեալ նկատուած են: Թռիչքները իրականացնող «Ֆլայ Շամ»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ երէկ նախատեսուած թռիչքները յետաձգուած են Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակով պայմանաւորուած: Օդակայանը, ըստ նոյն աղբիւրին, երէկ մինչեւ կէս գիշեր փակ պիտի մնար: Եթէ իրավիճակը ամբողջութեամբ կարգաւորուի, թռիչքները կը նախատեսուի … Read more

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

6 յունուարին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Տօնին առիթով Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ: Հայրապետական սուրբ պատարագին ներկայ էին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր աթոռի բարերարներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ … Read more