Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները

Երէկ օրուան երկրորդ կէսին նախատեսուած Հալէպ- Երեւան ու հակառակ ուղղութեամբ` Երեւան- Հալէպ թռիչքները չեղեալ նկատուած են:

Թռիչքները իրականացնող «Ֆլայ Շամ»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ երէկ նախատեսուած թռիչքները յետաձգուած են Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակով պայմանաւորուած: Օդակայանը, ըստ նոյն աղբիւրին, երէկ մինչեւ կէս գիշեր փակ պիտի մնար:

Եթէ իրավիճակը ամբողջութեամբ կարգաւորուի, թռիչքները կը նախատեսուի շարունակել երեքշաբթի, 13 յունուարին:

Leave a Comment