Ըստ Թուրքիոյ Փոխադրութեան Նախարարին. Զանգեզուրի Միջանցքը Կրնայ Գործարկուիլ Մինչեւ 2030

«Զանգեզուրի միջանցքը կրնայ գործարկուիլ մինչեւ 2030 թուականը», «Անատոլու» լրատու գործակալութեան ըսած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարարը:

Նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու ընդգծած է, որ գործընթացը սկսած է Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ` աւելցնելով, որ այս տարի եւս այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց կ՛ակնկալուի:

«Մենք անցեալ տարիէն սկսած ենք Կարս-Իգտիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի շինարարութիւնը, որ կարեւոր է Զանգեզուրի միջանցքին համար, Ազրպէյճանն ալ Նախիջեւանի հատուածին մէջ աշխատանքներ կ՛իրականացնէ», ըսած է թուրք նախարարը:

Անգարա անցեալ օգոստոսին սկսաւ Կարսէն դէպի Նախիջեւան` 224 քիլոմեթր երկարութեամբ նոր երկաթուղիի շինարարութիւնը, որով Թուրքիան պիտի կապուի Ազրպէյճանի, ապա` շրջանային միւս ցանցերուն հետ:

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Տոհայի ֆորումին ժամանակ ընդգծած էր, որ Երեւանի համար միջանցք եզրոյթը անընդունելի է: Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած էր, որ ԹՐԻՓՓ-ը շատ օգուտներ պիտի բերէ ոչ միայն շրջանին, այլեւ գործարարութեան, շրջանէն դուրս գտնուող երկիրներուն:

 

 

Leave a Comment