Երբ ես 2022 թուականին իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ այցելեցի Հայաստան, մեր քոնկրեսական պատուիրակութիւնը կանգնեցաւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ եւ յստակ ու առանց ներողամտութեան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ ճշմարտութիւնը կարեւոր է: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսի:
«Այդ ճշմարտութիւնը վերահաստատուեցաւ, երբ Ներկայացուցիչներու տունը 2019 թուականին մեծամասնութեամբ ընդունեց երկկուսակցական բանաձեւը` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ երբ նախագահ Պայտըն 2021 թուականին բարոյական ղեկավարութիւն ցուցաբերեց` պաշտօնապէս ընդունելով զայն. դիրքորոշում մը, որ ամօթալիօրէն ետ շրջուած է Թրամփի վարչակազմին կողմէ:
«Խորապէս հիասթափեցնող է, թէեւ ոչ զարմանալի, տեսնել, որ փոխնախագահը կը ջնջէ այդ ճշմարտութիւնը ճանչցող գրառումը: Պատմութեան ջնջումը կ՛անարգէ զոհերու յիշատակը եւ կը տկարացնէ ամէնուրեք մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը», կը գրէ Փելոսի: