Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստը` վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախագահութեամբ: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ներկայացուց կառավարութեան որոշումները եւ յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան բարգաւաճման առումով ծախսերը եւ եկամուտները շատցնելու կարելիութիւնները` հանրային սեփականութեան եւ պետութեան սեփականութիւնը եղող կալուածներու վերաբերող հարցերու կողքին: Մըրքոս հաստատեց, որ վերակառուցման օրակարգը երբեք անտեսուած չէ, եւ մօտիկ ապագային կը … Read more