Երեքշաբթի օր Լաչինի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութեան եւ հայկական «Էլեկտրաէներգետիկական համակարգի օպերատոր» ընկերութեան, Ազրպէյճանի համապատասխան նախարարութեան եւ ազրպէյճանական «Ազերէներճի» ընկերութեան ներկայացուցիչներու աշխատանքային հանդիպումը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրականութեան ներածման եւ արտածման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններու ելեկտրականութեան ենթակառոյցները պետական սահմանին փոխկապակցելու հաւանական տարբերակները: