Մենք` «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան անունով, խոր մտահոգութեամբ եւ վճռականօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի իշխող ուժի պատգամաւորի վերջին յայտարարութիւնները` ուղղուած հայկական սփիւռքին եւ համահայկական շահերը պաշտպանող կառոյցներուն:
Սփիւռքը Հայաստանի Հանրապետութեան մրցակիցը չէ, ո՛չ ալ Հայաստանի պետականութեան սպառնալիքը: Սփիւռքը հայ ժողովուրդի համազգային ներուժի անբաժանելի մասն է` իր կազմակերպութիւններով, համայնքներով, մտաւորականներով, բարերարներով եւ տասնամեակներու քաղաքական ու դիւանագիտական աշխատանքով:
Հետեւաբար, սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի թուլացման հետ կապելը ոչ միայն վտանգաւոր սխալ ընկալում է, այլեւ խորապէս բաժանարար մօտեցում մը, որ կը փորձէ հակադրել հայ ժողովուրդի երկու անբաժանելի բաղադրիչները:
Նոյնքան անընդունելի է համահայկական շահերը պաշտպանող կառոյցներու աշխատանքը ներկայացնել իբրեւ Հայաստանի պետական շահերուն հակասող երեւոյթ: Տասնամեակներ շարունակ անոնց աշխատանքը` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն մինչեւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, իրականացուած է ի նպաստ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան, իրաւունքներու եւ համազգային շահերու:
Առանձնապէս մտահոգիչ եւ դատապարտելի է նաեւ այսօրուան իշխանութիւններու որդեգրած վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ, որ կը դրսեւորէ վտանգաւոր խուսափողականութիւն եւ կը նսեմացնէ հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան ու արդարութեան պահանջի կարեւորութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման պայքարը սակարկութեան ենթակայ քաղաքական հարց մը չէ, այլ հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան, արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու անբաժանելի մասն է:
Այսօր, երբ Արցախի հայութիւնը ենթարկուած է բռնի տեղահանման, իսկ Արցախի հայկական ժառանգութիւնը կը գտնուի լուրջ վտանգի տակ, մենք կը սպասէինք Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներէն ոչ թէ սփիւռքի դէմ ուղղուած յարձակումներ, այլ համազգային համերաշխութիւն եւ Արցախի հարցի արդար լուծման ուղղութեամբ միասնական ջանքեր:
Մենք կը մերժենք այն մտածելակերպը, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի շահերը պէտք է հակադրել իրարու: Ուժեղ Հայաստան եւ ուժեղ սփիւռք հակասութիւն չեն, այլ` նոյն ազգային ուժի երկու փոխլրացնող յենասիւներ:
Եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող հայ քաղաքացիներս եւ Հայաստանի բարեկամ մեր եւրոպացի գործընկերները պիտի շարունակենք պաշտպանել հայ ժողովուրդի իրաւունքները, Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը եւ համահայկական շահերը պաշտպանող կառոյցներու արդար պահանջները:
Ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն կրնայ մեզ ստիպել հրաժարելու մեր պատմական յիշողութենէն, ազգային իրաւունքներու պաշտպանութենէն կամ Արցախի նկատմամբ մեր պատասխանատուութենէն:
Հայաստանի եւ սփիւռքի ուժը մէկ ամբողջութեան ուժն է:
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի»
21 օգոստոս 2026
Ստորագրողներ
Պելճիքա
Կարէն Թադեւոսեան – Պելճիքայի հայերու համախմբումի նախագահ
Պուլկարիա
Սահակ Չալեքեան – Պուլկարիոյ հայկական միութիւններու ընկերակցութեան համանախագահ
Չեխիա
Ալեքսանտր Սարգսեան – Չեխիոյ Հայ առաքելական եկեղեցական խորհուրդի նախագահ
Կիպրոս
Վահան Այնեճեան – Կիպրոսի հայոց թեմական խորհուրդի նախագահ
Յունաստան
Նազար Աւագեան – Յունաստանի հայոց կեդրոնական խորհուրդի նախագահ
Իտալիա
Պայքար Զաւլեան – Իտալիոյ հայոց մշակութային միութեան նախագահ
Ֆրանսա
Արա Թորանեան – Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ
Մուրատ Փափազեան – Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ
Գերմանիա
Յովնաթան Շփանկենպերկ – Գերմանիոյ հայոց կեդրոնական խորհուրդի նախագահ
Նետերլանտներ
Նուպար Վարդանեան – Ալմելոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչ
Ռումանիա
Զարեհ Նազարեան – Ռումանիոյ հայերու միութեան փոխնախագահ
Սպանիա
Արարատ Ղուկասեան – Վալենսիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ
Շուէտ, Նորվեկիա, Դանիա
Սիմոն Տէր Սահակեան – Սքանտինաւիոյ հայկական միութեան համանախագահող
Միացեալ Թագաւորութիւն
Կարէն Արեւեան – Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքային խորհուրդի նախագահ