Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Իլհամ Ալիեւը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Քննարկելով երկկողմանի եւ միջազգային օրակարգի հրատապ նիւթերը, ղեկավարները ընդգծած են ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կառուցողական բնոյթը եւ կառավարութիւններու ու առաջնակարգ գերատեսչութիւններու մակարդակի վրայ երկխօսութեան աշխուժացումը:
«Կողմերը հաստատած են փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման տրամադրուածութիւնը», նշուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմը չի յստակացներ, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը որո՛ւ նախաձեռնութեամբ կայացած է: Ալիեւ եւ Փութին զրուցած են Ռուսիոյ նախագահին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն մէկ օր ետք:
Փութին-Փաշինեան զրոյցը տեղի ունեցած էր հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ: