ՀԱՊԿ-ի ղարաբաղեան հակամարտութեան մասնակցութիւնը անկարելի էր: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասնակցութիւնը անկարելի էր, որովհետեւ նոյնիսկ Հայաստանը ինք չէր ճանչնար այդ տարածքը:
«Կար Հայաստանի հետ պատմութիւն մը, որ, կարծէք, կ՛ըսէր. «Եկէք գործի լծենք ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմը»: Սակայն իրականութեան մէջ` որո՞ւ եւ ինչի՞ հետ կապուած: Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, որ Հայաստանը ինք, ցաւօք կամ բարեբախտաբար, ասիկա հարցս չէ, ասիկա Երեւանի համար է, չէր ճանչնար ո՛չ իբրեւ իր սեփականը, ո՛չ ալ անկախ», ըսած է ան:
Զախարովա ընդգծած է, որ նման պայմաններուն մէջ ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմը չէր կրնար գործի լծուիլ:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ մեկնաբանելով Զախարովայի խօսքերը յայտարարած է. «Ղարաբաղի շրջանը միջազգային ընտանիքին, ներառեալ Ռուսիոյ կողմէ, մշտապէս ճանչցուած է իբրեւ Ազրպէյճանի անբաժան մաս: Հայաստանի կողմէ շուրջ 30 տարի բռնագրաւուած ազրպէյճանական տարածքներուն մէջ ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմներու գործարկման հարցը օրակարգային դարձնելու մնայուն փորձերը, ինչպէս նաեւ այդ հարցը Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղի ճանաչման հետ կապելը ոչ միայն կը հակասեն ռուսական կողմի պաշտօնական դիրքորոշման, այլ բացարձակապէս անհիմն են»: