Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի պատուիրակ երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին եւ անոր ներկայացուց Ուաշինկթըն իր այցելութեան արդիւնքները:
Ռիաշի վերահաստատեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հանրապետութեան նախագահի դիրքորոշումներուն եւ պետութեան իշխանութիւնը անոր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու ազգային ընտրանքներուն զօրակցութիւնը: