Հայաստանի իշխանութիւններու յայտարարութիւնները Ռուսիոյ հետ կապերը պահպանելու եւ զարգացնելու կարեւորութեան մասին չեն համընկնիր երկրի ղեկավարութեան գործնական քայլերուն հետ, որոնք ուղղուած են Եւրոպական Միութեանն անդամակցելուն, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Կը լսենք հայ պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները Մոսկուայի` իբրեւ գործընկերոջ կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները պահպանելու եւ զարգացնելու Երեւանի մտադրութեան մասին: Սակայն, ցաւօք, չենք տեսներ, որ այդ խօսքերը կը համապատասխանեն Հայաստանի ղեկավարութեան գործերուն եւ քայլերուն, որոնք միանշանակ ցոյց կու տան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իր ձգտումը», նշած է Զախարովա: