Սահմանադրական դատարանը կը հաղորդէ, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող եօթը քաղաքական ուժերու դիմումներով գործերը միաւորուած են եւ պիտի քննուին դատարանի նոյն նիստին` 26 յունիսին:
Բարձրագոյն դատարանը «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներու, «Միասնութեան թեւեր», «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Յանուն Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան պաշտպաններու դաշինք» կուսակցութիւններու եւ «Նոր ուժ» կուսակցութեան դիմումներու հիման վրայ` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի 14 յունիսի` «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 7 յունիս 2026-ի հերթական ընտրութիւններու արդիւնքներն ամփոփելու մասին» թիւ 259-Ա որոշումին հետ կապուած վէճի վերաբերեալ» գործերը քննութեան ընդունած է նախանցեալ օր կայացած աշխատակարգային նիստին:
Սահմանադրական դատարանը պարտաւոր է գործը քննել եւ որոշում ընդունիլ դիմումի մուտքագրման օրէն ոչ ուշ, քան 15 օր ետք: