Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տարածքներով Տարանցիկ Համացանցի Փոխանցման Եւ Մատակարարման Համաձայնագիր Ստորագրուած Է

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքներով տարանցիկ համացանցի փոխանցման եւ մատակարարման համաձայնագիր ստորագրուած է: Այս մասին կը յայտնէ «Թելեքոմ Արմենիա»-ն:

Հայկական ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ «Թելեքոմ Արմենիա» եւ «Ազերթելեքոմ» ընկերութիւնները ստորագրած են երկկողմանի համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ երկու երկիրներու տարածքներով տարանցիկ համացանցի փոխանցում եւ մատակարարում` առեւտրական հիմերով:

Համաձայնագիրի ծիրին մէջ «Թելեքոմ Արմենիա»-ն, հանդիսանալով շրջանին մէջ յառաջատար տարանցիկ գործավար, կ՛ընդլայնէ միջազգային համացանցային շրջանառութեան մատակարարման երկիրներու թիւը եւ աշխարհագրութիւնը` ապահովելով սեփական ենթակառոյցներու միջոցով դէպի Ազրպէյճան տարանցումը:

«Թելեքոմ Արմենիա» կը նշէ, թէ համաձայնագիրը նպատակ ունի նպաստելու շրջանին մէջ կապուղիներու բազմազանացման, հեռահաղորդակցութեան ցանցերու յուսալիութեան բարձրացման եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման:

 

Leave a Comment