«Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութիւնը Կը Մեղադրէ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Կուսակցութեան Խորհրդարան Մուտքը Կանխելու Համար

Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը մեղադրէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը քաղաքական պատուէր կատարելու եւ կուսակցութեան խորհրդարան մուտքը կանխելու համար: Կուսակցութիւնը կը պատրաստուի քաղաքական ու իրաւական քայլերու ձեռնարկել տեղի ունեցող ապօրինութիւնը թոյլ չտալու համար:

«Վահագն Յովակիմեանի գլխաւորութեամբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը անմռունչ կերպով կեանքի կոչեց Նիկոլ Փաշինեանի ցանկութիւնը, այն է` թոյլ չտալ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան յաղթահարել անցողիկ շեմը», ըսաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան բանբեր Իվետա Տօնոյեան:

Նախանցեալ օր ուշ երեկոյեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը անվաւեր ճանչցած էր երկու տեղամասի քուէարկութեան արդիւնքներ: Այս որոշումին պատճառով ձայներ կորսնցուցին ինչպէս ընդդիմադիր երեք ուժերը, նոյնպէս ալ իշխող Քաղաքացիական պայմանագիրը: Բայց եթէ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներուն համար այս քուէներու կորուստը ըստ էութեան էական չէ, բոլորովին այլ է պատկերը Քաղաքացիական պայմանագիրի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի համար: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կրնայ դուրս մնալ խորհրդարանէն, այդ պարագային Քաղաքացիական պայմանագիրը խորհրդարանին մէջ կ՛ունենայ պատգամաւորներու 3/5-ը, որմէ կը զրկուի, եթէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը անցնի:

Leave a Comment