«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Ընդունարանը Կոչուեցաւ Մեթր Ժաք Չուխատարեանի Անունով

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ «Ազդակ»-ի խմբագրատան ընդունարանը կոչուեցաւ մեթր Ժաք Չուխատարեանի անունով: Մեթր Չուխատարեան տարիներ շարունակ անդամակցած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին, վարած է կենսոլորտի  նախարարի պաշտօնը (իր օրով ստեղծուած է կենսոլորտի նախարարութիւնը) եւ ստանձնած է Դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններու կալուածներու իրաւաբանական եւ պետական թղթաբանութեան թղթածրարներու պատասխանատուութիւնը:

Մեթր Ժաք Չուխատարեան տարիներ շարունակ եղած է անդամ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի աղքատախնամի բաժինի նախագահ:

Leave a Comment