«Արեգ»-ները Տօնական Խոհանոցի Մէջ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբը երկու ելոյթներով ներկայացուց «Հէյ ջան, ղափամա» երգին բեմականացումը` հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ վաստակաշատ մանկավարժ Սիլվա Սողոմոնեանի: Ներկայ եղած եմ երկրորդ ելոյթին:

Մանկապատանեկան գրականութեան եւ թատրոնի պատմական զարգացումին  հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (1, 2, 3): Այդ ակնարկներուն մէջ նշուած են բազմաթիւ հայ թէ օտար ուսանելի ակադեմական աղբիւրներ: Կը խուսափիմ կրկնութենէ, թէեւ…

Սիլվա Սողոմոնեան կը տեղեկացնէ, որ «Արեգ» դպրոցի 6-16 տարեկան 32 աշակերտները բաժնուած են երեք դասարանի: Այդ համահունչ է դաստիարակչական ներկայ մօտեցումին, որուն շատ ուշացած ռահվիրան էր մանկավարժ-թատերագէտ, դասախօս դոկտ. Winifred Ward (1884-1975): Ճիշդ է, որ ներկայ գիտութիւնը մեծապէս յառաջդիմած է, եւ այս կամ այն պատճառով կան զանազան մօտեցումներ, կը մնայ այն հաստատուած իրողութիւնը, որ 6-16 տարիներու ընթացքին մանուկներու գեղարուեստական (եւ ոչ միայն) ընկալումի թափը անփոփոխ չէ, ինչպէս կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ, անիկա միջին տարիքին (մօտաւորապէս 7-12) կը դանդաղի եւ կրնայ նոյնիսկ նուազիլ տարբեր ունակութիւններու անհաւասար  զարգացումի պատճառով: Այս ուղղութեամբ զանազան  մեկնաբանութիւններ եւ պիտակաւորումներ կան (4): Բանիմաց դաստիարակ – բեմադրիչներ ճկուն մօտեցում ունին այս առումով:

Ելոյթը պատում ունեցող ծանօթ երգի մը հիման վրայ կառուցելու գաղափարը դիպուկ եւ հետաքրքրական է: Երաժշտութիւնը կշռոյթ եւ կայտառութիւն կը բերէ: «Հէյ ջան,  ղափամա»-ն գերադաս է կատարումի վերածուած երգերէն (ինչպէս «Մոկլին օր մը կ՛արշաւէր»), որոնք կրնան հաճելի ըլլալ, բայց չունին դիպաշար: Նաեւ դիպուկ է իբրեւ մանկապատանեկան թատրոնի բներգ, որովհետեւ ե՛ւ հասկնալի է ե՛ւ զուարճալի,  նաեւ ունի ժողովրդական բարբառի հիւմըր (5): Շա՛տ բարի:

Արագ հասած դդումը
Արինք-բերինք մեր տունը,
Վրան շաքար լցրեցինք,
Թոնրի մէջը կախեցինք:
Գդալ արած եկան տուն,
Հարիւր հոգի անկշտուն,
Ես ի՞նչ անեմ, ի՞նչ անեմ
Հարիւր հոգու` մի դդում:

Դիպաշարը օրինաչափ էր, ունէր կառոյց: Նախաբան հանգոյց (գործակցութեան բացակայութիւն, տագնապած էր լոկ ընտանիքի մայրը) եւ բարեզարդ լուծում: Շա՛տ բարի: Դիպաշարի իմացումը ինքնավստահութիւն կու տայ մանուկներուն: Պատանի տարիքի դերակատարներ կրնան հասկնալ հանգոյցները եւ  գնահատել անոնց լուծումը: Բարի՛:

Խոհանոցային.- Ոչ զարմանալիօրէն աւանդական / ծիսական ուտեստեղէնի բներգով թատերականացուած երգեր առկայ են բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ` Կեդրոնական Ամերիկայէն մինչեւ հեռաւոր արեւելք, անցնելով Կովկասէն: Վերի նկարը ցոյց կու տայ «Մոչի» պատրաստելու համար ճափոնցի մանուկներու բրինձ հարելու ծիսական ելոյթ մը: Ճաշը շատ ապահով բներգ է, որովհետեւ կրնայ պատրաստուիլ  մտերիմ մթնոլորտի մէջ եւ փոխանցել հաւաքականութիւն մը միացնող աւանդը` հեռու քաղաքական ասքերէ: Ճաշը կրնայ ունենալ այլաբանական լիցք, որ այս պարագային համեմատաբար արդիական է, որովհետեւ այդ դդումը բնիկ բոյս չէ (6): Ի դէպ,  ծիսական ճաշերու շուրջ կան երկու այլ հայկական երգեր (7):

Կատարողական.-  Բեմայարդարումը կը ծառայէր որպէս հիւրասրահ եւ խոհանոց, ինչպէս նաեւ տարածք` պարերու համար: Ունէր երեք «մասնագիտացած» մուտքեր` ներքին (տնեցիներ), պարտէզի (դրացի) եւ արտաքին (խնամիներ): Խորքի ճակատին էր անխուսափելի Արարատը եւ համեստ տան վայել համեստ հայկական իւղանկար: Բարի՛: Հագուկապը ըստ կարելւոյն բեմական եւ տօնական էր: Որոշ չափով հտպիտի կերպարանք ու դեր ունէր լեզուանի դրացին: Բարի՛: Խորքային երաժշտութիւնը հիմնուած էր ղափամայի մեղեդիին վրայ: Բարի՛: Բեմադրիչին հիմնական առաջադրանքը ակնյայտօրէն իր աշակերտներուն բեմական փորձառութիւն տալն էր:

Դերերու բաշխումը հասկնալիօրէն կատարուած էր ըստ մանուկի կարողութեան: Բարի՛: Այս հարցերուն նախապէս անդրադարձած եմ: Աչքառու էին գեղեցիկ տեղադրումը եւ «ապրող պատկերները» (tableaux vivants): Շա՛տ բարի: Կողքի լուսանկարին մէջ կը տեսնենք իմաստալից կառոյց մը, ուր ոտքի եւ հակադիր են մայր ու դուստր, մինչդեռ անգործ մօրեղբայրը նստած է անխռով: Ցաւօք կարելի չեղաւ այդ պատկերները արձանագրած  բաւարար լուսանկարներ ճարել: Մարմնական լեզուն յոյժ ձեւապաշտ (mannerist) էր, առկայ էին նաեւ «ձեռքի կատակներ» (slapstick): Ոչինչ, այդ յարիր էր կատակերգական զուարթ մթնոլորտ ստեղծելու եւ մանուկներու կողմէ հասկնալի դառնալու համար: Շա՛տ բարի: Բեմին վրայ միշտ առկայ էին որոշ թիւի փոքր տարիքի մանուկներ: Այդպիսով անոնք չեն պարտադրուիր քուլիսի ետին երկար ժամանակ ծուարելու: Շա՛տ բարի: Ժամանակադրութիւնը (timing) անհաւատալիօրէն անթերի էր: Այդ ինքնին էական փորձառութիւն է: Շա՛տ բարի: Դիպուկ կերպով ներառուած էին ժողովրդական երգերու վրայ հիմնուած, բայց ժամանակակից շարժուձեւի պարեր: Աւանդը պէտք չէ թանգարանային պահել: Ծիսական տարրը կրնար աւելի ցցուն ըլլալ: Կ՛ենթադրէի, որ միջամտէր նաեւ հեքիաթայինը, կախարդականը: Ոչի՛նչ, բարի:  Երկխօսութեան բաժինը զանց կ՛առնեմ: Նոյնիսկ Շէյքսփիր պիտի դժուարանար 32 կերպարներ ստեղծել իրենց իւրայատուկ ասքով (8): Բեմադրիչը հասկնալիօրէն առնուազն մէկ խօսքի առիթ տուած է ԲՈԼՈՐ դերակատարներուն:

Հեղինակ-բեմադրիչը այս կամ այն պատճառով լայն տեղ տուած էր տարագիր առաջին սերունդի հայապահպանական, ազգասիրական եւ այլ  ոչ մանկապատանեկան բներգներ եւ յորդորական (didactic) ատենաբանական կարծրատիպ մենախօսութիւններու: Ո՛չ բարի: Այդ ցաւօք կ՛արատէր այլապէս մեծ խնամքով պատրաստուած գեղեցիկ ներկայացումը: Բացի այդ` կրնայ խրտչեցնել եւ կամ կեղծիքի մղել աշակերտները: Հարկ է, որ ասքը բխի հաճելի դիպաշարէն (ինչպէս` ղափամայի համատեղ պատրաստութիւնը), եւ ոչ` որպէս բացայայտօրէն թելադրուած մանուկներու բերնով արտասանուած չափահասներու գաղափարախօսական «հաւատամք»-ի յօդուածներ:

Հուսկ բանք.- Ելոյթը մեծապէս օգտակար եւ գեղեցիկ էր: Ակնյայտ է, որ Սիլվա Սողոմոնեան եւ օգնական կազմը ճիգ չէին խնայած դժուար պայմաններու մէջ որակաւոր ելոյթ կազմակերպելու: Ակնյայտ էր նաեւ դերակատարներու սէրն ու խանդավառութիւնը: Ուրախալի է, որ տղոց ներկայութիւնը համեմատօրէն բարձր էր: Շա՛տ բարի: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Իսկական բարեկամը այն է, որ չի բաւականանար լոկ վերացական քաջալերանքով: Կը մաղթեմ` պայմանները թոյլատրեն, որ թատերախումբը շարունակէ յառաջդիմութիւնը: Ցտեսութիւն:

26 մայիս 2026

(1).- «Փորձառական հեքիաթ», «Ազդակ», 13 յուլիս  2017:                                   
(2).- «Մանկական թատրոնը», Ա. եւ Բ. «Ազդակ», 3 եւ 4 հոկտեմբեր  2017:
(3).- «Աւանդը մանկապատանեկան բեմի վրայ»,  «Ազդակ», 12 մայիս 2026:
(4).- Տես, օրինակ, T. A. Rocha  օրինակ Aesthetic development in children, adolescents and young adults (2020):
(5).- «Հէյ ջան, ղափամա» երգին խօսքերը կը պատկանին վաստակաշատ Վահան Յարութիւնեանի (50-ականներու վերջին կամ 60-ականներու սկիզբ): Երաժշտութիւնը մշակած է Թաթուլ Ալթունեանը, որ նաեւ երգը «ժողովրդական»-ացուցած էիր ծանօթ երգչախումբով:
Հրաւէր ունէր Արտաշը / Ղարսէն բերին կարկաշը / Ճամփէ արի քեռերկին / Ղափամա էփէ Սերակին:
Կերան, կերան պարպեցին / Գինին խմին հարբեցին / Կըլոր խաղը սարքեցին / Ծափ տուեցին պարեցին:
(6).- Մեծ դդումը եկած է Հարաւային Ամերիկայէն 16-րդ դարու կիսուն: Անոր տեղական երկարաւուն նմանակները կը կոչուին «կարկաժ» կամ «կարկաշ» եւ վաղուց օգտագործուած են որպէս ուտեստեղէն եւ լարաւոր նուագարաններու վերահնչող ծաւալ (resonator): Միսով պատրաստուած ղափաման թրքական ծանօթ ճաշ է, հնարուած սուլթանական խոհանոցին մէջ: Ղափամա թրքերէնով կը նշանակէ «փակուած», գոց: Բառին կառոյցը ակնյայտօրէն թրքերէն է, ինչպէս` «տոլ-ՄԱ» (լեցուած), «սար-ՄԱ» (փաթթուած), «պասթըր-ՄԱ (կոխուած), եւ այլն, եւ այլն: Այլաբանութիւնը, թէ «դդումը կը ներկայացնէ երկրագունդը, իսկ բրինձը, չիրերն ու ընկուզեղենը` տարբեր հաւատքի ու ազգութեան մարդիկ» նորելուկ ազգայնական մեկնաբանութիւն է:
(7).- Ղափամայի շուրջ յօրինուած է խնճոյքային ջաւախական երգ` միսով պատրաստուած ղափամայի մասին: Ձայնագրումը` Վ. Սամուէլանի: Գոյ է նաեւ երգ` որպէս մատաղապուր հարիսայի մասին:
(8).- Նոյնիսկ լայնածաւալ գործեր, ինչպէս` «Օթելլօ», «Արքայ Լիր» կամ «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ», ունին շուրջ 25 կերպարներ:

Leave a Comment