Երէկ առաւօտեան ժամերուն ֆութպոլի ոչ շատ գեղեցիկ «բարեկամական» մրցում մը տեղի ունեցաւ Ֆորթալեզայի մէջ, ուր Պրազիլ կը հիւրընկալէր Միացեալ Նահանգներու խումբը աղջկանց մրցումներու գծով:
3 օր առաջ նոյն խումբերը մրցած էին իրար դէմ, եւ Պրազիլ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր իրապէս գեղեցիկ մրցումի մը ընթացքին, սակայն երէկ պատկերը բոլորովին տարբեր էր: Միացեալ Նահանգներ ֆիզիքական առումով շատ կարծր եւ բիրտ մրցում մը կը կատարէին, մինչ Պրազիլի մարզիկները հետզհետէ ընդվզելու սկսան օրուան իրաւարարին որոշումներէն, որոնք գրեթէ 50 տոկոսով ի նպաստ Միացեալ Նահանգներուն էին:
Մինչեւ կիսախաղ Պրազիլ 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ… դեղին քարտերով: Բ. կիսախաղին Միացեալ Նահանգներ անակնկալ կոլ մը նշանակեցին, երբ պրազիլցի պաշտպան Իզապելայի դպնալէ ետք գնդակը ուղղութիւնը փոխեց` արձանագրելով ամերիկացիներու կոլը:
77-րդ վայրկեանին մարզիչ Ռիպաս Էլիաս իր երկու օգնականներուն հետ վտարուեցաւ դաշտէն, մինչ Մարթա վերադարձաւ դաշտ 40 տարեկանին: Պալոն տ՛օրի նախկին աստղերէն Մարթա ինք նոյնիսկ չկրցաւ իր ջիղերը զսպել եւ 99-րդ վայրկեանին դեղին քարտ ստացաւ, մինչ Պիա Զաներաթօ եւ Թարսիանէ արդէն իսկ վտարուած էին:
Մրցումի աւարտէն ետք 2 կարմիր քարտեր եւս` Քերոլինին եւ Լուտմիլային, փակեցին մրցումի… քարերու հաշիւը: Նշենք, որ Պրազիլի մարզչական խումբէն անդամ մը եւս կարմիր քարտ ստացած էր:
Պրազիլ 8 կարմիր եւ 6 դեղին քարտերով «յաղթեց» Միացեալ Նահանգներուն, որ միայն 5 դեղին քարտեր կրցաւ «շահիլ»:
Բարեկամական մրցում էր ասիկա, ինչպէս նշեցինք: Եթէ լուրջ մրցաշարքի աւարտական մը ըլլար, արդեօք նոյնքան պայքար կ՛ըլլա՞ր: