Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Այսօր ժամը 20:45-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը, քառորդ աւարտականի երկրորդ ճակատումին:

Առաջին ճակատումին մրցումը լաւ սկսելէ ետք, ՀՄԸՄ հետզհետէ ետ մնաց Սաժեսի դաշտին վրայ, ուր եգիպտացի Համատ Ֆաթհի շատ կանուխ ֆաուլեր ընելով, ՀՄԸՄ-ին պարտադրեց 2 օտարներով խաղալու:

ՀՄԸՄ կիրակի օր ձեռք ձգեց Մայքըլ Ուաթքինզը, որ անցեալ տարի բաւական լաւ արդիւնք ձեռք ձգած էր Անթունիէի հետ եւ վստահաբար աւելի ճկուն է, քան Ֆաթհին: Ուաթքինզ սենթըր եւ ֆորուըրտ դիրքերու վրայ կը խաղայ, եւ իր 206 սմ հակառակը կրնայ բաւական օգնել խումբին կեդրոնը լաւ աշխատանք տանելու:

Ան Ճորտըն Սթիվընզի եւ Տիքեմպէ Տեքսընի հետ, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներ Ազիզ Ապտել Մասիհ, Մոհամետ Հթէյթ, Պրայըն Սալեհ, Փիթըր Տեքերմենճեան, Թանիոս Աքիքի եւ Ճիօ Մանուկեան իրենց կարելին պիտի ընեն ուրախ պահելու ՀՄԸՄ-ի համակիրները: Համակիրներն ալ իրենց կարգին խիտ շարքերով պիտի ներկայանան դաշտ` գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծելով խումբի մը դէմ, որ մեծ գումարներ կը ծախսէ տարիներէ ի վեր եւ ծանր ճնշումի տակ կը գտնուի:

Պէտք է 40 վայրկեան քաջալերենք մեր տղաքը, որոնք անպայման պէտք է յաղթեն այս մրցումին` ճակատումները հաւասարեցնելու համար, շաբաթ օրուան 3-րդ ճակատումէն առաջ` Ղազիրի մէջ:

Տակաւին 14 օրեր առաջ երկու խումբերը իրար դէմ մրցած էին Մըզհերի մէջ, ուր ՀՄԸՄ-ի տղաքը բարձր մակարդակի ելոյթ մը ցուցաբերած էին մրցումը կորսնցնելով վերջին երկվայրկեաններուն, եւ  այդ պատճառով ալ պէտք է գիտնալ, որ եթէ տանք մեր առաւելագոյնը, բնաւ դժուար կամ անկարելի չէ յաղթել խումբի մը, որ մեզմէ 5 անգամ աւելի բարձր պիւտճէ ունի:

Մարզիչ Ճօ Մոժահես միշտ ալ ձեւը գիտէ խումբին մէջ լաւ մթնոլորտ ստեղծելու, եւ դաշտին վրայ մեր համակիրները իրենց գործն ալ շատ լաւ գիտեն` դառնալով 6-րդ մարզիկը, որուն շնորհիւ կրնանք հասնիլ յաղթանակի:

Նշենք, որ քառորդ աւարտականի իրենց մրցումներուն, Անթունիէ եւ Սանթրալ առաջին ճակատումներուն 2-0 արդիւնքով յառաջացան յաջորդաբար Անդրանիկի եւ Հուփսի դէմ իրենց առաջին երկու ճակատումներուն: Վաղը Ռիատի պիտի մրցի Պէյրութի դէմ` այս վերջինիս դաշտին վրայ, Շիյահի մէջ, մինչ առաջին ճակատումին Ռիատի 98-71 արդիւնքով յառաջացած էր:

 

 

Leave a Comment