Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Վերադարձաւ Փորձերուն

Քանի մը օր առաջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը վերադարձաւ փորձերու` ֆետերասիոնի որոշումէն ետք շարունակելու համար ախոյեանութիւնը:

Անցեալ փետրուարէն ի վեր կիսատ մնացած ախոյեանութիւնը պիտի շարունակուի 1 յուլիսին: Ֆետերասիոնը որոշած է զայն աւարտել 13 օրերու ընթացքին: 4 մրցումներ կատարելը այդ կարճ ժամանակամիջոցին քիչ մը դժուար բան է, բայց որոշումը այդպէս էր:

Ինչպէս նշեցինք, 3 ամսուան դադարէ ետք, երկրին անկայուն վիճակին պատճառով շատ հաւանական է, որ մրցումները կատարուին առանց համակիրներու:

Իր առաջին մրցումին ՀՄԸՄ պիտի մրցի Հարաքեթ Շապապի դէմ` Սաֆայի դաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ 7 կէտերով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալէն, կրնայ հասնիլ աւելի բարձր դիրքերու` օգտուելով մնացեալ խումբերուն վիճակէն: Տարբեր շրջաններէ բազմաթիւ մարզիկներ ամիսներէ ի վեր մնացած են անտուն ու անտեղ եւ թափառական եղած են: Հարաւային Լիբանանէն, Պէյրութի շրջակայքէն եւ մինչեւ Պեքայի շրջանները բնակող մարզիկներ կորսնցուցած են իրենց ընտանիքի անդամներ, բնակարաններ եւ պիտի փորձեն ընդառաջել ֆետերասիոնի կոչին` շարունակելու տարեշրջանը:

Ստորեւ վերջին 4 հագրուաններու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցումներուն յայտագիրը.

Չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2026, ընդդէմ Հարաքեթ Շապապի (Սաֆայի դաշտ):
Կիրակի, 5 յուլիս 2026, ընդդէմ Ղատ Աֆտալի (Պհամտունի դաշտ)
Ուրբաթ, 10 յուլիս 2026, ընդդէմ Ահլի Սայտայի (Սաֆայի դաշտ)
Երեքշաբթի, 14 յուլիս 2026, ընդդէմ Հորր Ամելի (Սաֆայի դաշտ)

Բոլոր մրցումներն ալ ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենան:

Leave a Comment