2026-ի Մոնտիալ. Ազգային Խումբերը Գրեթէ Պատրաստ Են

ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած 2026-ի Մոնտիալը պիտի սկսի 9 օրէն, եւ մասնակից 48 խումբերու ընտրուած մարզիկները գրեթէ յստակացած են:

Իբրեւ համակիր անշուշտ շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ բոլոր խումբերն ալ առողջ մարզիկներով խաղային, մանաւանդ որ Մոնտիալին միշտ ալ կը սպասուի, որ ազգային խումբերը տան իրենց լաւագոյնը:

2022-ի Մոնտիալի տիտղոսակիր Արժանթինը, օրինակ, լաւապէս պիտի չկարենայ օգտուիլ իր թիւ 1 աստղ Լիոնել Մեսիիէն, որուն թէ՛ տարիքը յառաջացած է, թէ՛ ալ ան վերջերս թեթեւօրէն վիրաւորուած է, բան մը, որ կրնայ անոր մակարդակին վրայ ազդել: Վստահաբար ասիկա անոր վերջին Մոնտիալն է` նկատի ունենալով, որ քանի մը ամիսէն ան պիտի բոլորէ իր 39-րդ տարին:

Այլ աստղ մը` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, շատ հաւանաբար պիտի մասնակցի իր վերջին Մոնտիալին, մանաւանդ որ ան 41 տարեկանը ամբողջացուց: Հակառակ իր տարիքին, Ռոնալտօ տակաւին շատ աշխուժ է, ֆիզիքականով պատրաստ եւ տակաւին 30 տարեկանի պատրաստակամութիւն ունի:

Պարագան նոյնն է խրուաթ Լուքա Մոտրիչի (40 տարեկան), Քեւըն Տը Պրույնիի (Պելճիքա), Մոհամետ Սալահի (Եգիպտոս) եւ քորէացի Սոն Մէոնկ մինի (Հարաւային Քորէա):

Անշուշտ Գերմանիոյ պատմական բերդապահ Մանուէլ Նոյեր իր կարգին 40 տարեկանը անցուց եւ միայն հրաւէր ստանալուն պատճառով չմերժեց մասնակցիլ իր ազգային խումբին հետ: Պրազիլցի Նէյմար իր կարգին հրաւէր ստացաւ մասնակցելու իր վերջին Մոնտիալին, բայց ան շատ հաւանաբար բացակայի Պրազիլի առաջին մրցումէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Հաւանական է, որ Լիվըրփուլի եւ Նետերլանտներու խմբապետ Վիրճիլ Վան Տայք իր վերջին ելոյթը ունենայ Մոնտիալի գծով:

Անշուշտ կան նաեւ այլ ֆութպոլիստներ, որոնք պիտի կատարեն իրենց վերջին ելոյթը աշխարհի ախոյեանութեան, ինչպէս` մեքսիքացի բերդապահ Օչոա, որ Մեսսիի եւ Ռոնալտոյի նման իրենց 6-րդ Մոնտիալը պիտի կատարեն` մրցանիշ մը հաստատելով:

Արժանթինցի Նիքոլաս Օթամենտի (38 տարեկան), անգլիացի Ճորտըն Հենտերսըն, պոսնիացի Էտին Ճեքօ եւ ճափոնցի Եութօ Նակամոթօ (39 տարեկան) իրենց կարգին պիտի մասնակցին իրենց վերջին Մոնտիալին:

Վերջին Մոնտիալը պիտի ըլլայ նաեւ սկովտիացի բերդապահ Քրէյկ Կորտընի (43 տարեկան) եւ քաթարցի Սեպասթիան Սորիայի, որ պիտի բարելաւէ Ռոժէ Միլայի մրցանիշը` իբրեւ ամէնէն տարեց մարզիկը (ոչ բերդապահ) Մոնտիալի պատմութեան մէջ:

 

 

Leave a Comment