«Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան հերթական յաղթանակ մը եւս արձանագրեց «Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ» (ՌԱՖ) լիկայի մէջ: Տալասի մէջ տեղի ունեցած «ՌԱՖ 09» մրցաշարքին, Ծառուկեան ազատ ոճի ըմբշամարտի գօտեմարտին մրցումի աւարտէն առաջ կրցաւ յաղթել Քիլոն Ճիմիսոնին:
Գօտեմարտը առաջին ռաունտին արդէն վերջ գտաւ ի նպաստ Ծառուկեանի: Ճիմիսոն լաւ ձեւով սկսած էր եւ 5-4 արդիւնքով կը յառաջանար, սակայն Արման Ծառուկեան կրցաւ փոխել գօտեմարտի ընթացքը: Ան անցաւ մրցակիցի ոտքերուն եւ քանի մը անգամ գետին բերաւ իր մրցակիցը` արագօրէն հասնելով վճռական առաւելութեան:
Ասիկա Արման Ծառուկեանի յաջորդական 5-րդ յաղթանակն էր այս լիկային մէջ, աւելի կանուխ յաղթելով Եուրայա Ֆեյպերին, երկու անգամ Ճորճիօ Փուլասին, ինչպէս նաեւ Լենս Փալմերին:
Կը սպասուի, որ «ՌԱՖ-ի գծով Արման Ծառուկեանի յաջորդ մենամարտը տեղի ունենայ 13 յունիսին, Սենթ Լուիսի մէջ` «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ախոյեան Թոնի Ֆերկուսընի դէմ: Իր յաղթանակէն անմիջապէս ետք, Արման Ծառուկեան անգամ մը եւս հրաւիրեց Քոլպի Քովինթընը, որ իր դէմ մենամարտի, բայց ամերիկացի մարզիկին դէմ գօտեմարտը կրնայ կատարուիլ Ֆերկուսընի դէմ մենամարտէն ետք:
Այսպիսով, Ծառուկեան կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները «ՌԱՖ» լիկային մէջ եւ ինքզինք կ՛ամրապնդէ իբրեւ լիկայի գլխաւոր աստղերէն մէկը, միեւնոյն ժամանակ համատեղելով «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի իր ասպարէզը` ազատ ոճի ըմբշամարտի ելոյթներուն հետ: Ան ձեւով մը պատրաստ ալ կ՛ուզէ ըլլալ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի գծով որեւէ մենամարտի մասնակցելու, ուր ան վստահաբար կ՛ուզէ մենամարտ մը տիտղոսի համար: