Հայ բռնցքամարտիկ Վալերի Յովհաննիսեան կարեւոր յաղթանակ տարաւ «Ար. Սի. Սի.» բռնցքամարտի երեկոյի ընթացքին:
Մրցաշարքի մենամարտերէն մէկուն Յովհաննիսեան մրցեցաւ մէկ այլ անյաղթ հայ բռնցքամարտիկի` Գոռ Խաչատրեանի դէմ: Միջին կշիռի դասակարգի գծով այս մրցումին մենամարտը տեւեց բոլոր 6 ռաունտերը եւ վերջ գտաւ Վալերի յաղթանակով, որ վճռուեցաւ իրաւարարներու քուէներով:
Յովհաննիսեանի համար այս յաջողութիւնը իր արհեստավարժ ասպարէզին 10-րդն էր, մինչ Խաչատրեան, որ իր 8-րդ մրցումը կը կատարէր, կրեց ասպարէզի իր առաջին պարտութիւնը:
Երեկոյի գլխաւոր մենամարտին, Տիմիթրի Պիլով յաջողութեամբ պաշտպանեց «Տապըլեու-Պի. Էյ.», «Այ. Պի. Էֆ.» եւ «Տը Ռինկ» կարգերու աշխարհի իր տիտղոսները` Միխայէլ Այֆերտի դէմ մենամարտին: