Անցեալ շաբաթավերջին Երեւան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հիւրընկալեց Եւրոպայի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ միջազգային ըմբշամարտի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ:
Մրցումները տեղի ունեցան 20 տարեկաններէն վար եւ մեծերու երկսեռ ախոյեանութիւններով:
10 տարբեր երկիրներ մասնակցեցան այս ախոյեանութեան, մարզիկները եկած էին Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Մոլտովայէն, Պիելոռուսիայէն, Լեհաստանէն, Գերմանիայէն, Նետերլանտներէն, Շուէտէն, Վրաստանէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն:
Ռուսիոյ հաւաքականը յաղթեց բոլոր 4 խմբային ախոյեանութիւններուն: Աղջկանց երիտասարդներու (մինչեւ 20 տարեկան) 4 ոսկի մետալներն ալ շահեցան ռուս ըմբիշներ, իսկ երիտասարդ տղոց եօթը կարելի ոսկի մետալներէն 4-ը, ինչպէս նաեւ մեծ աղջկանց կարելի 8 ոսկի մետալներէն 4-ը շահեցաւ Ռուսիա, իսկ մեծ տղոց կարելի 9 ոսկի մետալներէն 6-ը:
Հիւրընկալ Հայաստան ոսկի մետալ չշահեցաւ, սակայն հայ ըմբիշներ նուաճեցին մեծ թիւով այլ մետալներ: Մասնաւորապէս, մեծ տղոց մրցումներուն հայ ըմբիշներ շահեցան մէկ արծաթէ եւ երեք պրոնզէ մետալ, իսկ երիտասարդներու մրցումներուն` 1 արծաթ եւ 6 պրոնզէ մետալ:
Ստորեւ` հայ ըմբիշներուն արդիւնքները.
ՄԵԾ ՏՂԱՔ
62 քկ – Նարեկ Գոգինեան շահեցաւ պրոնզէ մետալ:
66 քկ – Մելքոն Մելքոնեան շահեցաւ պրոնզէ մետալ:
84 քկ – Սերիոժա Յարութիւնեան շահեցաւ պրոնզէ մետալ:
100 քկ – Միշա Դիլանեան շահեցաւ արծաթէ մետալ:
ՄԵԾ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
53 քկ – Արփինէ Մնացականեան շահեցաւ պրոնզէ մետալ
90 քկ – Արփինէ Յարութիւնեան շահեցաւ արծաթէ մետալ
Երիտասարդ տղոց մրցումներուն պրոնզէ մետալներ շահեցան Ջիւան Առաքելեան (57 քկ), Կառլեն Գէորգեան (66 քկ), Գագիկ Սահակեան (71 քկ), Ալպերթ Յարութիւնեան (84 քկ), Էրիկ Գրիգորեան (93 քկ) եւ Սամուէլ Աթիկեան (100 քկ):