Երէկ կանուխ առաւօտեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ քննչական գործողութիւններ իրականացուցին, այդ գործողութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կուսակցութեան նախագահ, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի նախընտրական ցուցակի երկրորդ համար Անդրանիկ Թեւանեանը:
Թեւանեան աւելի ուշ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Սա անհեթեթութիւն է: Նիկոլ Փաշինեան, ես ներկայացուցած եմ, թէ ի՛նչ պետական դաւաճանութեամբ զբաղած ես, եւ ես քեզ պիտի չներեմ այն, ինչ որ դուն կ՛ընես, զիս պիտակաւորելով: Մեղադրել ինծի` նման յանցագործութեան մէջ, անկարելի պիտի ըլլայ: Բայց մենք քեզի շատ առարկայական մեղադրանքներ պիտի ներկայացնենք` ինչո՞ւ յանձնեցիր Արցախը, ինչի՞ դիմաց…»:
«Մայր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակը խուզարկելէ ետք իրաւապահները սկիզբը թոյլ չէին տար, որ Թեւանեան իր հետիոտն քալէ դէպի քիչ մը հեռու գտնուող իր տունը: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները կը պնդէին, որ իրենց ինքնաշարժով տանին զինք, եւ միայն փաստաբանի եւ Թեւանեանի դիմադրութենէն ետք ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները թոյլ տուին, որ ան ոտքով հասնի տուն:
Քննչական կոմիտէի աշխատակիցները խուզարկութիւններ են կատարած էին նաեւ Թեւանեանի տան մէջ:
Նախանցեալ օր Քննչական կոմիտէն հաղորդած էր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ցուցակով առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեանի առնչութեամբ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան առերեւոյթ դէպքի առիթով յարուցուած վարոյթի մասին: Ըստ Քննչական կոմիտէին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ընտրական ցուցակի երկրորդ համար Անդրանիկ Թեւանեանը «2024-ի ընթացքին հաւաքագրուելով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ, «Ռուսիա Կովկաս» աշխարհաքաղաքական կեդրոնին մէջ տնօրէն հանդիսացող` օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչի յանձնարարութեամբ նոյն ժամանակահատուածին կատարած է լրտեսութիւն, ինչպէս նաեւ ապօրինի կերպով հաւաքած եւ առանձնապէս խոշոր չափերու` 622 հազար տոլարի գումարի դիմաց վերջինիս փոխանցած է պետական գաղտնիք պարունակող` 2024 թուականի ապրիլին Ազգային ժողովի փակ, գաղտնի նիստին կայացած լսումներու արդիւնքներուն վերաբերեալ ռուսերէն թարգմանուած տեղեկութիւններ»: