Մըրքոս. «Նախագահ Աուն Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Յառաջ Ընթանալու Համար Զինադադարի Ընդլայնման Ու Ամրապնդման Վրայ Կը Պնդէ»

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս շեշտեց զինադադարի եւ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով. «Ատիկա տակաւին պահանջուածին պէս չիրագործուեցաւ, ուստի, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը կը պնդէ, որ այս հիմնական պահանջը բանակցային հոլովոյթին մէջ մնացեալ գերիշխանական պահանջներու իրագործման անհրաժեշտ մուտքը ըլլայ»:

Մըրքոս Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի` «Թելէ Լիպան»-ի «Վարչապետարանի զրոյցներ» յայտագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով բանակցութիւններու ապահովական հոլովոյթին ըսաւ. «Ամսուան վերջաւորութեան պիտի գումարուին ժողովներ, որոնց ներկայ պիտի ըլլան լիբանանցի սպաներ, եւ ասիկա անկախ հոլովոյթ մը չէ, սակայն թեքնիք հիմնական մասնիկ մը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութեան` իրագործելու համար Լիբանանի գերիշխանական նպատակները, որոնց վարչապետի մասնակցութեամբ իրագործման վրայ կ՛աշխատի հանրապետութեան նախագահը: Այդ նպատակներն են հողի ազատագրումը, իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, գերիներու ազատ արձակումը` ճամբան հարթելով տեղահանուածներու վերադարձին ու վերաշինութեան»:

«Լիբանանեան դիրքորոշման նկատմամբ ամերիկեան հասկացողութիւն գոյութիւն ունի, իսկ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ բանակցային հոլովոյթին մէջ ամբողջական գործընկերութիւն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ամբողջովին տեղեակ է անցեալ շաբաթ գումարուած բանակցային երկու օրերու ամբողջ մանրամասնութեան: Կը յուսանք, որ այս համակարգումը շարունակուի` Լիբանանի գերիշխանական իրաւունքներու ապահովման համար», աւելցուց նախարարը:

 

 

 

Leave a Comment