Վոլոտին. «Մենք Այլեւս Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Հոլովոյթներուն Մասին Չենք Կրնար Լռել»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ռուսիոյ նկատմամբ ոչ բարեկամական քաղաքականութիւն կը վարէ: Այս մասին յայտարարած է Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին:

«Տումայի երեսփոխաններուն կարծիքով` Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան Ռուսիոյ նկատմամբ ոչ բարեկամական քաղաքականութիւն կը վարէ` շնականօրէն շահագործելով մեր երկրին առաջարկած կարելիութիւնները», ռուսական «Մաքս» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Վոլոտին:

«Ասիկա ազնիւ չէ. ինչպէս Ուքրանիոյ օրինակը ցոյց կու տայ, ոչ մէկ լաւ բանի պիտի յանգեցնէ», պնդած է Տումայի նախագահը:

Ան աւելցուցած է, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ Ռուսիոյ վերաբերմունքը բարեկամական է:

«Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է որոշում տալ: Մենք այլեւս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն մասին չենք կրնար լռել»:

Leave a Comment