Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին ամբողջութեամբ պիտի գործարկուի արդէն մայիսի վերջաւորութեան: Երէկ այդ մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:
«Մենք ազրպէյճանական կողմին հետ վերջապէս համաձայնեցուցած ենք այս երկաթուղիին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները: Որոշում տրուած է Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շահագործման նպատակով միացեալ վրացական-ազրպէյճանական ձեռնարկութիւն ստեղծել», ըսած է Քոպախիծէ: