ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Պասքեթպոլի 3-րդ Դիրքի Մրցումներուն Արդիւնքները Եւ Աւարտականը` Այս Կիրակի

Անցեալ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած էր հեծելարշաւի եւ աթլեթիզմի մրցումները, որոնց հայկական վարժարաններու կողքին երկրորդ անգամ ըլլալով մասնակցեցան «Զուարթնոց» կեդրոնի յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներ:

Պասքեթպոլի 3-րդ դիրքի մրցումներն ալ տեղի ունեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:

Փոքր աղջկանց 3-րդ դիրքը գրաւեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, որ 48-19 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի փոքր աղջիկները:

Փոքր տղոց 3-րդ դիրքը նուաճեց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, որ 55-47 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը:

Մեծ աղջկանց եւ մեծ տղոց 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի զոյգ խումբերը:

Աղջկանց մրցակիցը ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու խումբն էր, որ 47-63 արդիւնքով զիջեցաւ Ճեմարանի դիմաց:

Մեծ տղոց Ճեմարանի մրցակիցն էր Սրբոց Հռիփսիմեանց, որ 37-52 արդիւնքով պարտութիւն կրեց:

Այս շաբաթավերջին (սկզբունքով) տեղի պիտի ունենան աւարտականի մրցումները:

 

 

Leave a Comment