Փութին. «Եւրոպական Միութեան Միանալու Հայաստանի Ծրագիրները Յատուկ Դիտարկման Կարիք Ունին»

Եւրոպական Միութեան միանալու Հայաստանի ծրագիրները յատուկ դիտարկում կը պահանջեն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան պիտի սատարէ այն ամէնուն, ինչ որ շահաւէտ է հայ ժողովուրդին:

Փութինի կարծիքով` տրամաբանական պիտի ըլլար, որ Հայաստան հանրաքուէ կատարէր Եւրոպական Միութեան կամ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասնակցելու հարցով:

Ռուսիոյ նախագահին համաձայն, Հայաստան նշանակալի առաւելութիւններ կը ստանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է. «Գլխաւորը այն է, որ Հայաստան հակառուսական դիրքորոշում չորդեգրէ: Ասիկա մեզի համար ամէնէն կարեւորն է»:

Leave a Comment