«Հայաստան» Դաշինքի Քարոզարշաւի Սկիզբ` Էջմիածինէն

8 մայիսին Էջմիածինէն` հայութեան հոգեւոր կեդրոնէն սկսաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական քարոզարշաւը:

Տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ դաշինքի ծրագիրը:

«Հայաստան» դաշինքը եկած է` պայքարը մինչեւ վերջ հասցնելու եւ հայոց պատմութեան այս ամօթալի էջը վերջնականապէս շրջելու համար, քարոզարշաւի սկզբնաւորութեան յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեանը:

Ելոյթներով հանդէս եկան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, «Առաջ» կուսակցութեան ղեկավար Սեւակ Խաչատրեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան եւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:

«Մենք մեր երթը կը սկսինք Էջմիածինէն, եւ ատիկա պատահական չէ: Ատիկա իր մէջ ունի խորհուրդ, ունի բովանդակութիւն, ունի իմաստ», յայտարարեց Սաղաթէլեան: «Այսօր մեր ինքնութիւնը վտանգի տակ է: Եւ այդ ինքնութեան կրողը, պահպանողը` Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին, վտանգուած է եւ թիրախի տակ: Այսօր Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խաթարուած է, ինքնիշխանութիւնը` վտանգուած, յանձնուած օտարներուն, որոնք Հայաստանի վարչախումբին հետ կը պայքարին մեր ինքնութեան դէմ: «Հայաստան» դաշինքը մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ ծրագիրով, խումբով, երկիրը այս իրավիճակէն դուրս բերելու համար», հաստատեց ան:

Խաչատրեան ըսաւ. «Հպարտ եմ, որ «Հայաստան» դաշինքի ընտրարշաւը սկսած է նոյնինքն համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Էջմիածինէն, իմ հարազատ քաղաքէն: Ամիսներ առաջ մեր խումբը Վաղարշապատի ընտրութիւններուն էջմիածնեցիներու, վաղարշապատցիներու կողմէ ստացաւ աւելի քան 10.000 քուէ, եւ ես գիտեմ, որ անոնք քուէներ չէին ուղղակի կապուած միայն համայնքի հետ: Այդ քուէները մարդոց պահանջն էին, իսկ պահանջը մէկն էր` ազատիլ այսօրուան իշխանութիւններէն, երկրին մէջ հաստատել բարոյական եւ իրական սիրոյ մթնոլորտ, ուր եղբայրը եղբօր հետ թշնամի պիտի չըլլայ, ուր քաղաքական հայեացքներու համար մարդիկը եւ իրենց հարազատները աշխատանքէ ազատ պիտի չկացուցեն»:

Վարդանեան անդրադարձաւ քարոզարշաւի մեկնարկի թուականին. «Այսօր մայիսի 8-ն է: Ուղիղ ութ տարի առաջ նոյնինքն այս օրը մեզի խոստացան դրախտային երկիր, բայց մեզ առաջնորդեցին դէպի դժոխքի դռները: Խոստացան թռիչքային տնտեսութիւն, բայց բերին թռիչքային թանկացումներ եւ կրկնապատկուած պետական պարտք», ըսաւ ան:

Գրիգորեան իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Միասին պիտի փակենք փաշինեանական պատերազմի, պարտութիւններու եւ նուաստացման էջը եւ պիտի հեռացնենք այս վախկոտ, Ալիեւի խամաճիկ իշխանութիւնները»:

Եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ դաշինքի առաջնորդ Քոչարեանը, որ խօսեցաւ յառաջիկայ ընտրութիւններու առանձնայատկութիւններուն մասին` նշելով, որ Հայաստանի պատմութեան մէջ չէ եղած այնպիսի ընտրութիւն, որ պայքարը ըլլար ինքնութեան, եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներուն համար:

«Չեմ յիշեր, որ ընտրութիւններու հիմնական խօսոյթը ըլլար պատերազմ, թէ խաղաղութիւն: Սա իւրայատուկ է, այս երեւոյթը բերած են այս իշխանութիւնները` տարանջատելով մեր ժողովուրդը, մեր լեռներն ու պատմութիւնը: Այս մարդիկ մեր ժողովուրդը իրար դէմ լարելու ու պատմութիւնը բաժանելու համար պէտք է պատասխան տան: Այսօր իշխանութիւններու հիմնական նախընտրական խոստումը պատերազմն է, որովհետեւ ուրիշ ըսելիք չունին», յայտնեց Քոչարեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական շարք մը խնդիրներու, որոնք կրնան լուծուիլ եւ երկրին համար յառաջընթաց ապահովել դաշինքի յաղթանակով, եւ ներկայացուց Հայաստանի ապահովութեան իր պատկերացումը` ժամանակակից ու մարտունակ բանակ, ուժեղ առաջնորդ, հզօր դաշնակից:

«Մեզ կը սպառնան պատերազմով, բայց կայ պարզ ճշմարտութիւն մը` պատերազմը կը սկսի այն ժամանակ, երբ թշնամին վստահ է, որ իր յաղթանակի հաւանականութիւնը չափազանց մեծ է: Այլ պարագայի ոչ մէկ երկիր պատերազմ չի սկսիր: Մենք կը ձգտինք խաղաղութեան, բայց անիկա պէտք է ըլլայ երաշխաւորուած», ըսաւ ան:

Հանրահաւաքը աւարտեցաւ երթով` դէպի Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին:

Leave a Comment