Մենք չունինք Հայաստանը ոչնչացնելու կամ անոր անկախութիւնը խլելու մտադրութիւն: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Այսօր այսպէս կոչուած եւրոպացի դիտորդները տակաւին ենթադրաբար հերթապահութիւն կը կատարեն ազրպէյճանական-հայաստանեան սահմանին վրայ:
«Ես ըսած եմ, որ եթէ մենք կրակենք, անոնցմէ ոչ մէկ հետք կը մնայ: Սակայն անոնք այնպէս կը վարուին, կարծէք թէ Հայաստանը մեզմէ կը պաշտպանեն: Անհրաժեշտ չէ Հայաստանը մեզմէ պաշտպանել: Մենք մեր ուզած ամէն ինչին հասած ենք», նշած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ալիեւի համաձայն, Ազրպէյճանի միջազգային հեղինակութիւնը «բոլոր ժամանակներու բարձրակէտին է», որուն պատճառներէն մէկն ալ, ըստ անոր, Ազրպէյճանի «զինուորական յաղթանակն» է:
Խօսելով փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու մասին` Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուէն Զանգելան երկաթուղիի կառուցումը կրնայ մէկէն մէկուկէս տարուան ընթացքին աւարտիլ:
«Յաջորդ տարի կարելի պիտի ըլլայ գնացքով հասնիլ Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.»)», ըսած է Ալիեւ` շեշտելով, որ երկաթուղին «Զանգեզուրի միջանցք»-ով պիտի երկարի մինչեւ Նախիջեւան: